Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւնները Տապալման Ուղղութեամբ Կ’երթան

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւնները Տապալման Ուղղութեամբ Կ’երթան

by MassisPost

Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւնները մտած են փակուղի։ Պոլսոյ նահանգապետ Վասիփ Շահինի հետ հանդիպումէն ետք Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպմամբ զբաղուող նախաձեռնող խումբի երեք անդամ հրաժարական տուած է: Նահանգապետը նշած է, որ չի ճանչնար Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանին որպէս տեղապահ եւ առաջարկած է Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանին միասնաբար այս գործընթացը սկսիլ սկիզբէն: «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժնի խմբագիր Բագրատ Էստուկեան, «Lragir.am»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ դեռ վերջնականապէս Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւնները չեն տապալուած, բայց գործընթացը այդ ուղղութեամբ կ’երթայ։ «Հաւանաբար այս պայքարի մէջ տեղապահ Գարեգին Պեքճեան առանձին պէտք է մնայ եւ թերեւս կրնայ ետ քաշուիլ»,-ըսած է Բագրատ Էստուկեան։

Ի դէպ, Վասիփ Շահինի հետ հանդիպումը նախաձեռնող խումբի հետ, տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ Գարեգին սրբազանը կը գտնուէր Գերմանիա։ Երկուշաբթի օր ան վերադարձած է Պոլիս եւ փակ ժողով գումարած. «Ընդհանրապէս այդ ժողովները դռնփակ կ’ընթանան եւ երդում կու տան, որ բացատրութիւն պէտք չէ փոխանցել դէպի դուրս։ Այնպէս որ մենք ալ յստակ չենք գիտեր ինչ քննարկած են, բայց յառաջիկայ օրերուն տեղապահի որոշումը կը յստականայ»,-ըսած է Բագրատ Էստուկեան։

Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը յայտարարած էր, որ ինք ալ կը պատրաստուի հանդիպիլ Պոլսոյ նահանգապետին հետ, սակայն մինչ այս պահը հնարաւոր հանդիպման հետ կապուած նորութիւններ չկան. «Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուան շրջանցեց Պեքճեանին եւ հանդիպում կազմակերպեց անոր բացակայութեան ժամանակ։ Շիրինօղլուն է նահանգապետի հետ կապ հաստատողը։ Եւ շատ մեծ սադրանք կատարուած է Շիրինօղլուի ձեռքով», – ըսած է Բագրատ էստուկեան։

Անոր խօսքով, նահանգապետի հետ Պեքճեանի հանդիպումը չըսենք անհնար, բայց շատ դժուար է կազմակերպելը եւ դժբախտաբար, այդ հանդիպումն ալ որեւէ արդիւնք չի կրնար տալ։

Պեքճեանի հրաժարականէն ետք ամէն ինչ պէտք է սկսիլ զերոյական կէտէ, նորէն կրօնական ժողովը պէտք է տեղապահ ընտրէ եւ այս անգամ նահանգապետի առաջարկած երկու եպիսկոպոսներէն՝ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան, մէկը պէտք է ընտրուի։ Շիրինօղլուն, անոր խօսքով, կարեւոր գործօն է բոլորի համար եւ ան այս ամիսներուն աշխատած է յօգուտ Արամ սրբազանի եւ միջամտած ընտրական գործընթացին եւ եթէ ան ուզէր, դեկտեմբերին հնարաւոր կ’ըլլար ընտրութիւններ իրականացնել.«Ան իշխանութիւններու մօտ խոչընդոտեց գործընթացը։ Իսկ նպատակը այն էր, որ ժողովուրդի վրայ ճնշում բանեցնեն, որ հասկնան, թէ ուրիշ ճար չունին, պէտք է Աթէշեանը տեղապահ ընտրեն, որպէսզի պետութեան հետ համերաշխութիւն ունենան։ Այս է իրենց գաղափարը։ Եւ պետութեան այս կեցուածքը իրենց կողմէ թելադրուած է»։

Այնուամենայնիւ, քիչ հաւանական է, Արամ սրբազանը դառնայ պատրիարք, քանի որ, ըստ Բագրատ Էստուկեանի, համայնքէն ներս ան ընդհանրապէս աջակցութիւն չունի։ Չի բացառուիր որ յառաջիկայ օրերուն Գարեգին Պեքճեան հրաժարի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment