Երէկ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեանին մեղադրած է ուսանողներուն «աշխոյժօրէն» դասադուլի դրդելու մէջ: Սարգսեանի խօսքով՝ ինք այդ մասին տեղեկացած է ուսանողներու հետ ունեցած իր զրոյցներու ժամանակ:
Պաշտպանութեան նախարարը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ անդրադարձած է նաեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» վիճայարոյց օրինագիծի հետ կապուած շարք մը հարցերու:
Անդրադառնալով պնդումներուն, որ շատերը, օգտուելով օրէնսդրական սողանցքներէն, իրենց երեխաները կ’ազատեն զինուորական ծառայութենէն, Սարգսեանն ըսած է՝ այս պահուն նման միջադէպերով բազմաթիւ քրէական գործեր յարուցուած են, թէեւ այն «ոչ պաշտպանութեան նախարարութեան գործն է, ոչ էլ ձեռքբերումը»: «Բայց մեր կողմից պատուէրը շատ յստակ է, այդ գործերը պէտք է քննուեն մինչեւ վերջ, եւ մեղաւորները պէտք է պատիժ կրեն: Մենք պէտք է ստեղծենք այնպիսի վիճակ, որ բժշկական ոլորտում եւս սողանցքները փակուեն»,- յայտարարած է Վիգէն Սարգսեանը:
Ինչ կը վերաբերի պաշտօնեաներու կողմէն թոյլ տրուող նման չարաշահումներուն, Սարգսեանի խօսքով, ինքն այդ առնչութեամբ առաջարկած է որոշ լուծումներ: «Այդ թուում՝ յայտարարագրելը, թէ ինքը [պաշտօնեան] եւ իր ընտանիքի անդամները զինուորական ծառայութեան նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնը կատարե՞լ են, թէ ոչ, ունե՞ն տարկէտում, թէ՞ ունեն ազատում: Ես կարծում եմ՝ այս բոլորը քոմփլէքս միջոցառումներ են, որոնք ժամանակի մէջ անպայման իրենց ազդեցութիւնը թողնելու են»,- ըսած է պաշտպանութեան նախարարը՝ ԶԼՄ-ներուն կոչ ընելով ամէն ինչ ընել՝ հանրութեան բանակէն խուսափողներու մասին տեղեկութիւններ հաղորդելու համար:
Վիգէն Սարգսեանի խօսքով, միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան մարդիկ, որոնք իրենց անձնական, ընտանեկան երջանկութիւնը աւելի բարձր դասեն պետական, համազգային շահէն: «Եթէ հայրենիքը սիրենք միայն հեռուից, հիանալով մեր վանքերով եւ տարին մէկ անգամ երեխաներին այստեղ մկրտելով, դա էլ է հայրենասիրութեան տեսակ երեւի: Ես ընդհանրապէս շատ հանդուրժող եմ եւ մարդկանց չեմ դատում: Ամէն մարդ ապրում է այնպէս, ինչպէս ուզում է: Ես համարում եմ, որ մի ժողովրդի համար, որը հազարամեակների միջով քայլել է առանց պետականութեան եւ ձեռք է բերել պետականութիւն, ամօթ է տղային երկրից փախցնելը՝ բանակում չծառայելու համար»,- նշած է Վիգէն Սարգսեան: