Երէկ Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի նախագահի նստավայրին մէջ կայացած է Շարլ Ազնաւուրի եւ անոր ուղեկցող ընտանիքի անդամներու հանդիպումը նախագահ Ռուվեն Ռիվլինի ու Ռաուլ Վալենպըրկի անուան միջազգային հիմնադրամի ղեկավարութեան հետ:
Հիմնադրամի նախագահ Պարուխ Տենենպաումը զուիցերացի դիւանագէտ Ռաուլ Վալենպըրկի անուան մետալով պարգեւատրած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչն ու, նաեւ անոր քրոջը՝ Աիտային, որուն փոխարէն պարգեւը ստացած է Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլասը:
Հիմնադրամի ներկայացուցիչները բացած են այս միջոցառումը՝ ներկայացնելով հրեայ փրոֆեսոր, ցեղասպանագէտ, հայ ժողովուրդի բարեկամ Եաիր Աուրոնի մէկամեայ աշխատանքը, որու ընթացքին ան գրի առած էր Ազնաւուրի ընտանիքի պատմութիւնը, Շարլ Ազնաւուրի ծնողներու՝ Միշայի ու Քնարի, ինչպէս նաեւ իր ու քրոջ սխրանքները Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն: Պատերազմի տարիներուն Ազնաւուրեանները Փարիզի մէջ աջակցած էին յայտնի պարտիզան, յետմահու Ֆրանսայի Ազգային հերոս հռչակուած Միսաք Մանուշեանին ու անոր խումբին եւ ապաստան տրամադրած էին թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ հրեաներուն՝ վտանգելով սեփական կեանքը:
Ազնաւուր իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է թէ՛ Վալենպըրկի անուան հիմնադրամին՝ պարգեւի համար, թէ՛ Իսրայէլի նախագահին՝ ընդունելութեան համար: Ան նաեւ հարցուցած է, թէ ե՞րբ ի վերջոյ Իսրայէլը պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Ես ոչ գաղտնի հարց մը կ’ուզեմ Ձեզ ուղղել եւ չեմ սպասեր պատասխանի, այնուամենայնիւ կարեւոր է այն բարձրացնել: Ինչո՞ւ Դուք չէք ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնն այն պարագային, երբ դուք ալ տառապած էք նացիստական ռեժիմէն», – հարցուցած է Ազնաւուրը:
Ի պատասխան՝ Ռիվլինը ըսած է, որ այդ մէկը քաղաքական հարց է, եւ իր՝ Քնեսեթի պատգամաւոր ու այնուհետեւ նաեւ նախագահ աշխատած ժամանակաշրջանին իւրաքանչիւր տարի հարցը Իսրայէլի խորհրդարան բարձրացուցած են, յիշատակած են Հայոց ցեղասպանութեան օրը, եւ ինքն ալ 2015 թուականին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն բաւական յստակ խօսած է 1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
«Մենք Քնեսեթի մէջ ներկայ եղած ենք այդ սարսափելի իրադարձութիւններու յիշատակի արարողութեան: Ցաւօք, Իսրայէլի կառավարութիւնը չկրցաւ տեղի ունեցածը ճանչնալ որպէս Ցեղասպանութիւն, եւ միակ հարցն այն է, թէ ինչպէս այն պիտի ձեւակերպուի: Եւ ես, որպէս Իսրայէլի նախագահ, պարտաւոր եմ յարգել Իսրայէլի կառավարութեան որոշումները: Կոտորած, թէ ցեղասպանութիւն՝ սարսափելի, սարսափելի բան տեղի ունեցած է Հայ ժողովուրդի հետ 1915 թուականին», – մասնաւորապէս, ըսած է Իսրայէլի նախագահը:
Այսօր կէսօրին, Շալոմ գիւղին մէջ, որ բնակեցուած է հրեաներով եւ արաբներով, Ազնաւուր ձիթենի պիտի տնկէ ի պատիւ հրեաներու, քրիստոնեաներու ու իսլամներու կեանքը փրկած հերոսներուն:
Հետաքրքրիր էր, որ այս արարողութեան հայկական համայնքէն ոչ մէկ ներկայացուցիչ չկար հրաւիրուած: Նախագահականէն ըսած են, որ իրենք դահլիճը տրամադրած են, Վալլենպըրկի հիմնադրամի ղեկավարութիւնն ալ Արժանթինէն բազմաթիւ հիւրեր ունէր ու չեն մեկնաբանած, թէ ինչու հայեր չկային դահլիճին մէջ:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան ալ տեղեկութիւններ չէ փոխանցած, թէ արդեօք Պատրիարքի հետ հանդիպում պիտի ըլլա՞յ: