Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Աւարտած է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Ընդլայնուած Կազմով Նիստը

Երեւանի Մէջ Աւարտած է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Ընդլայնուած Կազմով Նիստը

by MassisPost

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ 5 երկիրներու վարչապետերն այսօր մասնակցած են Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին: Երեւանին յարակից «Մուլթի Կրանտ» հիւրանոցային համալիրին մէջ կայացան խորհուրդի նախ նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստերը:

Օրակարգին մէջ ընդգրկուած էին եւրասիական տարածքին վարորդական իրաւունքներու ընդհանուր կանոններու, նաւթի, կազի ընդհանուր շուկայ ստեղծելու եւ այլ հարցեր, լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի նախկին վարչապետ, ներկայիս Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:

«Օրակարգի բոլոր հարցերը քննարկուել են եւ ընդունուել են համապատասխան որոշումներ», – նշած է Հայաստանի նախկին վարչապետը, շարունակելով․ – «Շատերին հետաքրքրում է վարորդական իրաւունքների հետ կապուած հարցը եւ այդ կապակցութեամբ համակարգային մօտեցումը հետեւեալն է․ մենք նախապատրաստելու ենք համաձայնագիր ընդհանուր կանոնների մասին, որովհետեւ վարորդական իրաւունքների հարցում տեղի են ունենալու հիմքային փոփոխութիւններ, կապուած նրա հետ, որ ստեղծուում են նոր տեսակի մեքենաներ, որոնց վերաբերեալ վարորդները պէտք է նոր գիտելիքներ ունենան: Քննարկուել է նաեւ նաւթի, նաւթամթերքի ու կազի ընդհանուր շուկայ ստեղծելու հարցը: Քննարկել ենք, թէ ինչպէս է տեղի ունենալու նաւթի, կազի տեղափոխումը, որպէսզի այդ ոլորտներում բնական մոնոփոլիաների առկայութեամբ ստեղծենք հաւասար մրցակցային պայմաններ, ինչպէս նաեւ ստեղծենք մեխանիզմներ, թէ ինչպէս են նաւթն ու կազը վաճառուելու երրորդ երկրներ եւ արդեօք հնարաւոր կը լինի գների ընդհանուր քաղաքականութիւն վարել: Քննարկուել է նաեւ շաքարի ընդհանուր շուկայ ձեւաւորելու հարցը»:

Խորհուրդի նեղ կազմով հանդիպումը, որ փակ էր լրատուամիջոցներուն համար, տեւած է շուրջ երկու ժամ, անկէ ետք ընդլայնուած կազմով նիստին Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան անդրադարձած է ելեկտրոնային համակարգերու ներդրման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ երթեւեկութեան ենթակառուցուածքներու զարգացման անհրաժեշտութիւնը:

«Մեզ համար, հաշուի առնելով ԵԱՏՄ երկրների հետ ընդհանուր սահմանների բացակայութիւնը, թրանսփորթային ու քոմունիքացիոն հարցերն առաւել քան արդիական են: Ակնկալում ենք, որ ճանապարհային քարտէզի իրագործումը կը նպաստի մեր պետութիւնների միջեւ թրանսփորթային հաղորդակցութեան տիւերսիֆիքացմանը», – յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը:

Օրեր առաջ ԵՏՄ անդամ Ղրղըզիստանի նախկին նախագահը մեղադրած էր Ղազախիստանի իշխանութիւնները հանրութեան միջոցները մսխելու մէջ, որմէ ետք ղազախական սահմանին լուրջ խոչընդոտներ ստեղծուած էին քաղաքացիներու եւ բեռի տեղափոխման համար: ԵՏՄ-ի անդամ երկու պետութիւններուն միջեւ լարուածութիւնն արտայայտուած է նաեւ այսօրուայ նիստի ժամանակ: Ղրղըզսիտանի նորանշանակ վարչապետը մեղադրած է Ղազախիստանը պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ:

«Պէ՞տք է արդեօք այս խնդիրները գոյութիւն ունենան, այն կը համապատասխանէ՞ արդեօք մեր գործընկերութեան ոգիին, այն համաձայնագիրին, որ մենք կնքած ենք: Ո՛չ, չի համապատասխաներ», – հարց բարձրացուցած է Ղրղըզիստանի վարչապետ Սափար Իսակով:

Ղազախիստանի վարչապետն ալ, վիճակագրական տուեալներ ներկայացնելով, պնդած է, որ ղրղըզական կողմը կը թերանայ սահմանին վերահսկողութեան ու փաստաթղթաւորման հարցին մէջ, որ եւ առաջնորդած է ղազախական կողմէն յաւելեալ ստուգումներու անհրաժեշտութեան:

Նիստի  աւարտին ստորագրուած են տարբեր ոլորտներու մէջ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու փոխգործակցութիւնն ամրագրող փաստաթուղթեր, մասնաւորապէս՝ ԵԱՏՄ ներքին շուկային մէջ 2018-2019 թուականներուն սահմանափակումներու վերացման ուղղուած միջոցառումներու ծրագիրի ճանապարհային քարտէզին մասին կարգադրութիւնը, «Ապրանքներու տեղաշարժի վերահսկողութեան ուղղութեամբ լրացուցիչ միջոցառումներու հարցին մասին» յանձնարարականը եւ այլն:

Այսօր որոշուած է նաեւ, որ ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի յաջորդ նիստը պիտի կայանայ յաջորդ տարուայ Յունուար-Փետրուար ամիսներուն, Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment