Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Դեսպան «Օրերս Պիտի Յայտարարենք ամերիկեան Եւս Մէկ Ընկերութեան Մուտքը Հայաստան»

ԱՄՆ Դեսպան «Օրերս Պիտի Յայտարարենք ամերիկեան Եւս Մէկ Ընկերութեան Մուտքը Հայաստան»

by MassisPost

«Ես հպարտ եմ անով, ինչին կրցած է հասնիլ մեր բարեկամ եւ գործընկեր Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու ներդրումներուն եւ աջակցութեան շնորհիւ այս վերջին 25 տարիներու ընթացքին։ Այստեղ կայ գործող բաց շուկայական համակարգ, որ զարգացած եւ կայացած է, ձեւաւորուած է գործարար միջավայր, որ բաց է, եւ այն ինծի թոյլ կու տայ, որ ես խրախուսեմ ամերիկեան գործարարները գալու եւ ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ», – Ամերիկայի ձայնին հետ հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլս:

Պատասխանելով հարցին, թէ ի՞նչն է, որ կը խոչընդոտէ Հայաստանի առաւել տինամիք զարգացումը, ԱՄՆ դեսպանը նշած է. «Մարդիկ, որոնց հետ ես կը խօսիմ՝ ամերիկացի ներդրողներ, գործարարներ նաեւ տեղացիներ, ընդհանուր առմամբ հաշուետուողականութեան բացակայութեան խնդիրն առաջ կը քաշեն։ Կայ այն ընկալումը, թէ հասարակութեան մէջ չկան հաւասար պայմաններ։ Խօսքը դատական համակարգէն կամ պետական ծառայութիւններէն օգտուելու պարագաներուն կը վերաբերի։ Եթէ այլ բառերով բնորոշենք, այն թափանցիկութեան բացակայութեան կամ կաշառակերութեան առկայութեան խնդիրն է: Բայց, միեւնոյն ժամանակ, կան նաեւ յուսադրող հանգամանքներ։ Օրինակ, այն հանգամանքը, որ ուր ալ երթաս, մարդոց շրջանին մէջ չկայ այն դիմադրութիւնը, թէ «պէտք չէ մեզի օգնել կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ, մի’ պարտադրէք մեզի ձեր արժէքները»։ Այդ մէկը կը նշանակէ, որ հասարակութիւնը նոյնպէս կը ցանկայ պայքարիլ կաշառակերութեան դէմ։

Անդրադառնալով Հայաստանի արտաքին քաղաքական կողմնորոշման հարցին, Միլս նշած է, որ Հայաստան պէտք է ամուր կապեր ունենայ հնարաւորինս մեծաթիւ երկիրներու հետ։ Հայաստան դժուարին հարեւանութեան մէջ կը գտնուի, և հնարաւորինս շատ երկիրներու հետ ամուր կապեր ունենալը չափազանց կարեւոր է։

«Մենք Միացեալ նահանգներու մէջ կը հասկնանք, որ Հայաստան պէտք է ամուր յարաբերութիւններ ունենայ Ռուսիոյ հետ։ Այդ ունի իր պատմական հիմքերը, աշխարհագրական եւ տնտեսական կապեր կան երկու երկիրներուն միջեւ։ Հայաստանը պէտք է ե′ւ Արեւմուտքի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենայ, ե′ւ Միացեալ Նահանգներու, ե′ւ Ռուսիոյ հետ։ Այդ յարաբերութիւնները մէկը միւսը չի բացառեր։ Անկեղծ կ’ըսեմ, Հայաստան պէտք է տարածաշրջանին մէջ փորձէ առաւել բարելաւել յարաբերութիւններն իր անմիջական դրացիներուն հետ՝ Վրաստանի, Թուրքիոյ, որոշ պահի՝ Ատրպէյճանի հետ», – նշած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Խօսելով Հայաստանի մէջ ամերիկեան ներդրումներուն մասին, ան նշած է, որ ամերիկեան գործարարներն այստեղ իրենք զիրենք լաւ կը զգան։ «Անոնք վստահ են, որ կրնան Հայաստանի մէջ իրենց գործունէութիւնն իրականացնել։ Կը կարծեմ, որ ատոր վառ ապացոյցը վերջին երկու տարիներուն երկու խոշոր ամերիկեան ներդրումներու փաստն է՝ մէկը «Քոնթիւր Կլոպըլ» ընկերութեան կողմէ Որոտանի հիտրոքասքատի ձեռքբերումն է։ Այս ընկերութիւնն այժմ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու ներդրումներ կը կատարէ Հայաստանի մէջ։ Միւսը «Լիտիըն ինթըրնաշընըլ» ընկերութիւնն է՝ Ամուլսարի հանքավայրին հետ կապուած ծրագիրի ներդրումը, որ կրկին ամերիկեան խոշոր ներդրում է այստեղ։ Աւելին, օրերս մենք պիտի յայտարարենք մէկ այլ ոլորտի մէջ մասնագիտացած ամերիկեան եւս մէկ ընկերութեան մուտքը։ Եւ, ի հարկէ, պէտք է նշել տեղեկատուական տեխնոլոկիաներու ոլորտը, ուր շատ ու շատ ամերիկեան ընկերութիւններ կ’աշխատին, սկսած «Սինոփսիս»էն մինչեւ «Այ Պի Էմ»։

ԱՄՆ դեսպանին կարծիքով, երկու երկիրներուն միջեւ շատ ընդհանրութիւններ կան. «Այն արժէքները, խնդիրները, որ կը մտահոգեն մեր հասարակութիւնները՝ թէ՛ այստեղ, թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, նոյնն են. ընտանիքի կարեւորութիւնը, համայնքի, շրջապատի հետ իրենց սերտ կապերը, ձեռնարկատիրական ջիղը, կրթութեան նկատմամբ սէրը։ Ասոնք հայաստանեան արժէքներն են, որոնք նաեւ Միացեալ Նահանգներուն հետ նոյնական են։ Կը կարծեմ, որ նաեւ այդ է պատճառը, որ երկու հասարակութիւններուն միջեւ ամուր կապեր կան»։

Դեսպանը շատ կը սիրէ Վարդավառը: «Հայկական աւանդոյթ մը կայ, որ ես իսկապէս շատ հաւնած եմ, բայց Միացեալ Նահանգներ չեմ կրնար տանիլ այն, որովհետեւ զիս դատի կու տան: Այն Վարդավառի տօնն է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment