«CNN» հեռուստաընկերութեան ամենաբարձր վարկանիշն ունեցող հեռուստահաղորդումներէն մէկուն հեղինակն ու վարողը՝ Էնթընի Պուրտըն պիտի ընդգրկուի Ատրպէյճանի անցանկալի անձերու ցուցակին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղ այցելելուն համար: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմէթ Հաճիեւ, կը փոխանցեն տեղական լրատուամիջոցները:
Անցեալ շաբաթ ամերիկացի յայտնի խոհարար, հեռուստալրագրող Էնթընի Պուրտըն այցելած էր Հայաստան, ապա Լեռնային Ղարաբաղ, «Էնթընի Պուրտըն՝ անծանօթ վայրեր» հեռուստահաղորդման հերթական հաղորդումը նկարահանելու նպատակով:
Այս Ճամփորդութիւնը «հրաշալի» որակելով, Պուրտըն իր թուիթըրեան էջին վրայ շնորհակալութիւն յայտնած է, մասնաւորապէս, ամերիկահայ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանկեանին: