Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Հասարակական Գործիչ Օսման Քաւալայիի Ձերբակալութիւնը Մտահոգած է Միջազգային Հանրութիւնը

Թուրք Հասարակական Գործիչ Օսման Քաւալայիի Ձերբակալութիւնը Մտահոգած է Միջազգային Հանրութիւնը

by MassisPost

Միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ արձագանգել նախօրէին Պոլսոյ օդակայանին մէջ յայտնի հասարակական, մշակութային գործիչ, թուրք գործարար Օսման Քաւալայի ձերբակալութեան:

«Անատոլու Քիւլթուր» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր նախագահ Օսման Քաւալա Հինգշաբթի գիշեր բերման ենթարկուած էր Այնթապէն վերադարձին Աթաթուրքի անուան միջազգային օդակայանին մէջ: Ոստիկանները նաեւ խուզարկած են «Անատոլու Քիւլթուր»ի գրասենեակը եւ առգրաւած Քաւալայի ու անոր քարտուղարին համակարգիչները:

Թրքական «T24» լրատուականի փոխանցմամբ, Քաւալայի փաստաբան Ֆերաթ Չաղըլ յայտնած է, որ անոր ձերբակալութիւնը 7 օր պիտի տեւէ: Չաղըլ, սակայն, յստակ տեղեկութիւններ չէ հաղորդած Քաւալայի ձերբակալութեան պատճառներուն մասին:

Ոստիկանութեան պարզաբանմամբ, հետաքննութիւնը գաղտնի բնոյթ կը կրէ: Յայտնի է նաեւ, որ իրաւապահ մարմինները Քաւալան պիտի հարցաքննեն «Յուլիսի 15-ի յեղաշրջման փորձէն առաջ տեղի ունեցած որոշ հանդիպումներու վերաբերեալ»:

Միեւնոյն ժամանակ Քաւալայի կինը՝ Այշէ Պուղրա յայտարարած է, որ սխալ կը համարէ վաղաժամ գնահատական տալ տեղի ունեցածին: Ան յոյս յայտնած է, որ ամուսինին ձերբակալութիւնը սխալմունք է:

Միացեալ Նահանգներու պետական բաժանմունքի խօսնակ Հիթըր Նաուըրթ մտահոգիչ որակած է Քաւալայի ձերբակալութիւնը: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած գիտնականներու, լրագրողներու, հասարակական գործիչներու եւ աքթիւիստներու դատական գործերուն մէջ բաւարար ապացոյցներ չկան, բան մը, որ անհանգստութեան պատճառ կը հանդիսանայ:

Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան կարկառուն ներկայացուցիչներէն Օսման Քաւալայի ձերբակալութեան արձագանգած է նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ֆրանսական արտաքին գերատեսչութեան խօսնակը յայտարարած է, որ ուշադիր պիտի հետեւին այս գործի զարգացումներուն, նշելով. – «Ինչպէս եւրոպական միւս երկիրները, Ֆրանսա նոյնպէսս մշտապէս կը համագործակցի Քաւալայի հետ, որ Թուրքիոյ մշակութային կեանքի եւ քաղաքական հասարակութեան ամէնէն կարեւոր եւ յարգուած անուններէն մէկն է»:

Քաւալայի ձերբակալութեան լուրին ցաւով արձագանգած են նաեւ Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնք քանիցս առիթ ունեցած են համագործակցելու Օսման Քաւալայի հետ, բազմաթիւ ծրագիրներ կեանքի կոչելով հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացի ծիրին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment