Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարէն Կարապետեան եւ Ռիչըրտ Միլս Քննարկած են Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Մէջ Համագործակցութեան Հարցերը

Կարէն Կարապետեան եւ Ռիչըրտ Միլս Քննարկած են Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Մէջ Համագործակցութեան Հարցերը

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր ընդունած է Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլսն ու ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Տեպորա Կրիսըրը:

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին, Կարէն Կարապետեան եւ Ռիչըրտ Միլս քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր: Զրուցակիցները նախ եւ առաջ անդրադարձած են կաշառակերութեան դէմ պայքարի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան, քննարկած ընթացիկ աշխատանքներն ու յետագայ կատարելիքները:

Վարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը, իր ծրագիրին համապատասխան, կը շարունակէ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ իրավիճակի բարելաւման հետեւողական քաղաքականութիւնը 3 հիմնական ուղղութեամբ. կաշառակերութեան վտանգի նուազեցում, օրինաչափական-օրէնսդրական դաշտի արդիականացում ու կատարելագործում եւ Կաշառակերութեան դէմ պայքարի խորհուրդի աշխոյժ աշխատանք:

Այս համապատկերին մէջ Կարէն Կարապետեան կարեւորած է ԱՄՆ օժանդակութիւնը Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն, որ կրնայ դրսեւորուիլ ե´ւ Կաշառակերութեան դէմ պայքարի խորհուրդի գործունէութեան, ե´ւ միւս ուղղութիւններով իրականացուող բարեփոխումներուն աջակցութեան տեսքով:

Դեսպանը ողջունած է կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ գործարարութեամբ զբաղելու միջավայրի բարելաւման ուղղուած վարչապետին ջանքերը, որոնք նպաստած են Հայաստանի նկատմամբ ամերիկեան ներդրողներու հետաքրքրութեան աճին:

Ան նշած է, որ վերջին 8-10 ամսուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ գործող ամերիկեան ընկերութիւններէն դրական ազդակներ ստացած է յատկապէս մաքսային ոլորտին մէջ կատարուող բարեփոխումներու առնչութեամբ:

Ռիչըրտ Միլս վերահաստատած է ԱՄՆ պատրաստակամութիւնը, շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան կաշառակերութեան դէմ պայքարի գործին մէջ, եւ այժմ կը քննարկուի այդ նպատակով յատկացուող միջոցներու վերաուղղորդման եւ օժանդակութեան առաւել արդիւնաւէտ ուղին գտնելու հարցը:

«Հանդիպմանն անդրադարձ է եղել նաեւ 2 տարի առաջ մեկնարկած «Իմ Հայաստան. մշակութային զբօսաշրջութիւնը Հայաստանում» ծրագրի ընթացքին: Այն մշակուել է Հայաստանի կառավարութեան, ԱՄՆ ՄԶԳ եւ մշակոյթի պահպանման ասպարէզում յայտնի Սմիթսոնեան ինսթիթութի համագործակցութեան շրջանակում եւ միտուած է ազգային մշակոյթի պահպանմանը՝ Հայաստանում մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացման միջոցով», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ ՀՀ-ԱՄՆ համագործակցութեան առնչուող շարք մը այլ հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment