Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչն առաջին անգամ հրապարակաւ յայտարարած է, թէ չի բացառեր, որ իշխանութիւնները կրնան հրաժարիլ նոր ատոմակայանի կառուցման գաղափարէն: Այսօր լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ նման յայտարարած է Արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան:
Հայաստանի ու Եւրոմիութեան միջեւ նախաստորագրուած համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մէջ, որուն բնագիրը հրապարակուեցաւ օրերս, առանց յստակ ժամկէտներու սահմանման, նշուած է, որ անհրաժեշտ է փակել 1976 թուականին շահագործման յանձնուած Մեծամօրի ատոմակայանը, այն փոխարինելով նոր հզօրութիւններով:
Այսօր, պատասխանելով լրագրողներու հարցին, թէ արդեօք կառավարութիւնը մտադի՞ր է հրաժարիլ նոր Յարութիւնեան ըսած է. «Մենք նոր ատոմակայան կ’ունենանք, եթէ այն գնային առումով, սակագնային առումով լինի արդիւնաւէտ: Մի պահ պատկերացրէք, որ վաղը պարզուի, որ ժամանակակից տեխնոլոկիաները հնարաւորութիւն են ընձեռում ստանալ նոյն քանակի էներկիա, սակայն առանց ատոմակայանի, եւ ատոմակայանի պարագայում, որն այդ պահին առկայ է շուկայում, մեր էներկիան շատ աւելի թանկ կը լինի սպառողների համար: Որ՞ ճանապարհով մենք պէտք է գնանք: Անշուշտ՝ ժամանակակից տեխնոլոկիաների»:
Ճշդող դիտարկման, թէ կառավարութիւնը, փաստօրէն, չի բացառեր, որ Հայաստան կրնար հրաժարիլ նոր ատոմակայանի կառուցման գաղափարէն, Յարութիւնեան արձագանգած է. «Ճիշդ էք հասկանում իմ դիրքորոշումը եւ կառավարութեան դիրքորոշումը, որ մենք իւրաքանչիւր անգամ գնահատելու եւ որոշելու ենք, հաշուի առնելով գիտութեան զարգացման գործընթացները եւ տուեալ իրավիճակում կողմնորոշուելու, թէ որ մոտելն է առաւելագոյն արդիւնաւէտ լինելու Հայաստանի սպառողի համար»: