Ընդդիմադիր գործիչ, զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով անցեալ տարուայ Յուլիսէն ազատազրկուած Անդրիաս Ղուկասեան պիտի շարունակէ մնալ ճաղերու ետին։ Երեւանի Էրեբունի եւ Նուբարաշէն վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանն այսօր մերժած է Ղուկասեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու պաշտպանական կողմի միջնորդութիւնը։
Ղուկասեան եւ իր պաշտպան Կարէն Մեժլումեան դատաւորին այսօր նաեւ ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած են, հարցն այժմ կը քննուի խորհրդակցական սենեակին մէջ։
Միջնորդութեան ընթացքին Մեժլումեան նշած է, որ դատաւորը քանի մը նիստերու ընթացքին ցոյց տուած է իր կողմնակալութիւնը, իսկ Անդրիաս Ղուկասեան յայտարարած է, որ իշխանական վերնախաւը ճնշում կը բանեցնէ դատարանին նկատմամբ, եւ որ այս միջնորդութիւնը ուղերձ է նախ եւ առաջ նախագահ Սերժ Սարգսեանին։
Միջնորդութեան վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակուի քանի մը ժամէն: Նախատեսուած էր, որ այսօր դատարանը նաեւ պիտի հարցաքննէր գործով անցնող վկայ ոստիկանները։