Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Նահանջած է Մամուլի Ազատութեան Ցուցակին Մէջ

Հայաստան Նահանջած է Մամուլի Ազատութեան Ցուցակին Մէջ

by MassisPost

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութեան Աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան ցուցակին մէջ Հայաստան 4 տեղով  նահանջած է, 74-րդ տեղէն հասնելով 79-ին։ Կազմակերպութիւնը Հայաստանին վերաբերող մեկնաբանութեան մէջ նշած է. «Տպագիր լրատուամիջոցները բազմազան են եւ բեւեռացած, հետաքննող լրագրութիւնը համացանցին մէջ կ’ապրի, սակայն հեռարձակուող մետիային մէջ կը պակսի բազմակարծութիւնը: Կատարուած է է վճռական անցում թուային հեռուստատեսութեան, անաչառ հեռարձակողներու ապագայ կարգավիճակը կախուած պիտի ըլլայ յաճախականութիւններու վաճառքի գործընթացի անաչառութենէն:

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը յիշել կու տայ «Ilur.am» լրատուական կայքի եւ «Հրապարակ» թերթի 2015 թուականի Հոկտեմբերին գրանցած յաղթանակը Սահմանադրական դատարանին մէջ, ուր որոշում կայացուած էր յօգուտ լրագրողներուն՝ չբացայայտել աղբիւրներու գաղտնիութիւնը:

«Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ բռնութիւն գործադրել լրագրողներուն նկատմամբ եւ անպատիժ մնալ: 2016 թուականի Յուլիսին տասնեակ լրագրողներ վիրաւորուած էին, ուժի կիրառման հետեւանքով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment