Home ՍՓԻՒՌՔ Նիսի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Որոշած է Վերամիաւորուիլ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հետ

Նիսի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Որոշած է Վերամիաւորուիլ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հետ

by MassisPost

Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անցեալին կարգալոյծ եղած հոգեւորականները որոշած են վերամիաւորուիլ հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ֆրանսա հրապարակուող «Նոր Յառաջ» պարբերականը: Նշուած է, որ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ  ծխական խորհուրդի քարտուղարը յայտարարած է, որ ժողով հրաւիրած են եւ ժողովի ժամանակ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքով 198 հարցուողներու միաձայն համաձայնութիւնն ստանալով որոշած են միանալ հայ առաքելական եկեղեցւոյ:

Նիսի Էջմիածնական եկեղեցւոյ ատենապետ Արթին Օքսայեան «Tert.am»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ իրենք պիտի համաձայնին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կարգալոյծ եղած հոգեւորականներուն իրենց միանալուն միայն այն պարագային, երբ կատարուին իրենց կողմէ եղած պայմանները:

«Միայն իրենց որոշումով չեն կրնար մտնել: Դեռ պէտք է Փարիզի (նկատի ունի՝ Ֆրանսայի հայոց թեմը) սրբազանին, մեր հետ հանդիպին, քննարկենք, մենք մեր պայմաններն առաջարկենք: Եթէ մեր պայմաններն ընդունին, ինչո՞ւ չէ, կարելի է միաւորուիլ»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Նիսի հայ համայնքի հոգեւորականներուն միջեւ պառակտումներն սկսած են տաս տարի առաջ՝ 2007 թուականին։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընկերակցութիւնը չէ ընդունած թեմական նոր կանոնադրութիւնը եւ սկսած է չճանչնալ թեմի իշխանութիւնը: Անոր ի պատասխան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի 2012թ. Յունուարի 26-ի, այնուհետեւ Նիսի դատարանի որոշմամբ այն զրկուած է «Հայ առաքելական եկեղեցի» տիտղոսէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment