Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Թուրք Պաշտօնեաները Հրաժարած են Մասնակցիլ ԱՄՆ-ի Դեսպանի Հրաժեշտի Արարողութեան

Թուրք Պաշտօնեաները Հրաժարած են Մասնակցիլ ԱՄՆ-ի Դեսպանի Հրաժեշտի Արարողութեան

by MassisPost

Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ վերջին օրերուն առաջացած լարուածութեան առընթեր, 10 Հոկտեմբերին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ մօտ իր դիւանագիտական առաքելութիւնն աւարտող ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պասի հրաժեշտի արարողութիւնը:

«Էրմենիհապէր»ի փոխանցմամբ, դեսպանի հրաժեշտի ընդունելութեան չեն մասնակցած ո՛չ թրքական իշխանութիւններու, ո՛չ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները:

Արարողութիւնը լուսաբանուած է սակաւաթիւ լրագրողներու կողմէ, քանի որ հրաւիրուած լրագրողներու մեծ մասը նոյնպէս չէ ներկայացած արարողութեան:

Աղբիւրը յիշած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ պիտի պոյքոթէ ԱՄՆ-ի դեսպանի հրաժեշտի հանդիպումն իր հետ:

«ԱՄՆ-ի դեսպան կը ցանկայ հրաժեշտի այցով հետս հանդիպիլ: Մենք չենք ընդունիր այդ դեսպանին հրաժեշտի այցը: Մենք զինք չենք համարեր Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչը»,- յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment