Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ռուսական Միացեալ Զօրախումբը Հայաստանը Պիտի Պաշտպանէ ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Ատրպէյճանի Սպառնալիքներէն. Շարմազանով

Հայ-Ռուսական Միացեալ Զօրախումբը Հայաստանը Պիտի Պաշտպանէ ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Ատրպէյճանի Սպառնալիքներէն. Շարմազանով

by MassisPost

Խորհրդարանն այսօր 87 կողմ եւ 7 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ վաւերացուցած է հայ-ռուսական համատեղ զօրախումբ ստեղծելու մասին համաձայնագիրը, դէմ արտայայտուած են միայն ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորները։

Նշենք, որ ըստ համաձայնագիրին, զինուած ուժերու միացեալ խմբաւորումը 2 երկիրներու քաղաքացիները պէտք է պաշտպանէ արտաքին եւ ներքին ռազմական սպառնալիքներէ։

Իշխող Հանրապետականի (ՀՀԿ) խօսնակ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանով «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ շեշտած է, որ հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբը Հայաստանի անվտանգութեան եւ պաշտպանական համակարգի ամրապնդման համար է, որ կը միտի պաշտպանել Հայաստանի անվտանգութիւնը բոլոր սպառնալիքներէ, ըլլայ այն Ատրպէյճանի, թէ Թուրքիոյ կողմէ։

Նկատենք, սակայն, որ հայ-ռուսական զօրախումբը Ղարաբաղի վրայ յարձակման պարագային միջամտութեան լիազօրութիւն չունի։

Անդրադառնալով նախկին վարչապետ, ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Սարգսեանի այն պնդման, թէ Ռուսիոյ անվճար տրամադրուող 102-րդ ռազմակայանի վարձակալութեան գումարով, որ 2-էն մինչեւ 10 միլառ տոլար կրնայ կազմել, Հայաստան հնարաւորութիւն կրնայ ունենալ զէնք-զինամթերք ձեռք բերելու որեւէ երկրէ, իշխող Հանրապետականի խօսնակը հակադարձած է, որ նաեւ Արամ Սարգսեանի վարչապետութեան ժամանակ Ռուսիյ ռազմակայան տրամադրուած է անվճար հիմունքներով։ Աւելին, ըստ Շարմազանովի, Հայաստանին մատչելի գիներով տրամադրուած ռուսական զէնք-զինամթերքը համարժէք է ռազմակայանի վարձակալութենէն ստացուելիք գումարին։

«Նոր չի եղել, որ Սերժ Սարգսեանը, Էտուարտ Շարմազանովն ու Վիգէն Սարգսեանը քնեցին զարթնեցին, ասեցին՝ ռազմապազայի փողը մի տուէք: Լեւոն Տէր Պետրոսեանը հայրենասէր չի եղել, Ռոպերթ Քոչարեանը չի եղել, Վազգէն Սարգսյենը չի եղել, Սերժ Սարգսեանը չի եղել, մենակ իրենք եղան հայրենասէ՞ր: Էն օգուտներով, էն մատչելի տարբերակով, որ մեզ տրամադրում է զէնք եւ զինամթերք Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, որեւէ պետութիւն չի կարող էդ ծաւալի եւ դրան մօտ պայմաններով առաջարկել»,- յայտնած է Ազգային ժողովի փոխ-խօսնակը:

Ան այսօր վերահաստատած է երէկ խորհրդարանի ամպիոնէն հնչած իր այն միտքը, թէ Հայաստան միայնակ չի կրնար ամբողջութեամբ ապահովել իր անվտանգութիւնը: Շարմազանով շեշտած է, որ իր այդ յայտարարութիւնը տրամաբանական է, այժմ ալ կը պնդէ, որ որեւէ երկիր, բացառութեամբ քանի մը գերտէրութիւններու, միայնակ չի կրնար ամբողջութեամբ կազմակերպել իր պաշտպանութիւնը։

«Եթէ այդպէս լինէր, ապա ինչո՞ւ էր ստեղծուում ՆԱԹՕ-ն, ինչո՞ւ էր ստեղծուում ՀԱՊԿ-ը: Եթէ մենք միայնակ կարող էինք ամբողջութեամբ մեր պաշտպանութիւնն ապահովել, բա ինչո՞ւ ենք մտել ՀԱՊԿ: Էս ռուսական 102-րդ ռազմապազան ի՞նչ է անում, ձեւի համար, ֆասատի համար բերել դրե՞լ ենք: Յունաստանն ինչո՞ւ է մտել ՆԱԹՕ, Լեհաստանն ինչո՞ւ է մտել ՆԱԹՕ: Սպառնալիք են տեսնում, հասկանում են, որ միայնակ չեն կարող էդ մարտահրաւէրներին դիմակայել, դրա համար էլ մտել են:

Եւ նրանք, ովքեր իմ յայտարարութիւնը ցանկանում են խեղաթիւրել եւ այլ կերպ մեկնաբանել, կամ քաղաքական շառլատաններ են, կամ փոփուլիստներ, կամ էլ պաշտպանական համակարգից որեւէ բան չեն հասկանում»,- ըսած է Էտուարտ Շարմազանով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment