Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետին Ծանր Հակահարուածը Ծառուկեանին

Վարչապետին Ծանր Հակահարուածը Ծառուկեանին

by MassisPost

Մամուլի մէջ տեղեկութիւն տարածուած է, որ Պետական եկամուտներու կոմիտէի տարբեր ստորաբաժանումներ լայնածաւալ ստուգումներ կ’իրականացնեն Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող ընկերութիւններուն մէջ։

Ըստ ամենայնի, այսպիսով վարչապետ Կարէն Կարապետեան հակահարուած կը հասցնէ Գագիկ Ծառուկեանին, որ վերջին օրերուն լուրջ արշաւ կ’իրականացնէ անոր դէմ: Մասնաւորապէս, անոր խմբակցութեան անդամ պատգամաւորները վերջին օրերուն սուր քննադատութեան կ’ենթարկեն վարչապետը, անգամ ակնարկելով հրաժարականի մասին:

Իր հերթին, Ծառուկեանի Մարմնակրթութեան նախարարը երէկ ծանր բնորոշումներ տուած էր վարչապետի գործընկերոջ՝ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանին:

Այսօր լրատուամիջոցներու կողմէ տեղեկութիւն տարածուած է, որ Ծառուկեանի այդ հրահանգը պայմանաւորուած է անով, որ Կարէն Կարապետեան դէմ է 2018-ին կազմաւորուելիք նոր դաշինքին մէջ ԲՀԿ-ի ներկայութեան:

Վարչապետն ալ ի պատասխան այդ արշաւին դիմած է ամենացաւոտ միջոցին՝ հարկային ստուգումներուն:

Հետաքրքրականն այն է, որ նման բան կատարուած էր նաեւ 2015-ին, երբ Մոսկուա Երեւանի մէջ ծաւալող պուրժուա-դեմոկրատական յեղափոխութեան առաջնորդները ծաղրածուներ հռչակած էր, իսկ Ծառուկեանը հեռացուցած էին քաղաքականութենէ:

Այն ժամանակ Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր Ծառուկեանի բազմամիլիառ թաքուն պահուած հարկերուն մասին ու յանձնարարած ստուգումներ կատարել: Ստուգումները սկսած էին, բայց յետոյ Հովիկ Աբրահամեանի տան մէջ տեղի ունեցած էր հաշտութիւն, որուն մէջ մեծ դեր խաղացած էր նոյն ինք՝ Սամուէլ Կարապետեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment