Թիֆլիսի մէջ ընթացող ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան եզրափակիչ փուլէն ետք տեղի ունեցած թայ-պրէյքի մէջ, յաղթելով չինացի մասնակից Տին Լիժէնին, ճատրակի հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան դարձաւ աշխարհի բաժակակիր:
«Արմէնբրէս»ի հաղորդմամբ, մրցաշարին մասնակցած էին ճատրակի 128 վարպետներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Արոնեան նաեւ իրաւունք ստացած է մասնակցելու 2018 թուականի Մարտի 10-28 Պերլինի մէջ կայանալիք յաւակնորդներու մրցաշարին:
Լեւոն Արոնեան աշխարհի բաժակակիր դարձած էր նաեւ 2005 թուականին: Ճատրակի հայ վարպետը ճատրակի ողիմպիատայի եռակի, ճատրակի աշխարհի խմբակային առաջնութեան յաղթող է: