Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուրուկուէյի Մէջ Հայկական Ռատիոյի Գործունէութեան Համար Ներդրումներ Անհրաժեշտ են. Տիեկօ Գարամանուկեան

Ուրուկուէյի Մէջ Հայկական Ռատիոյի Գործունէութեան Համար Ներդրումներ Անհրաժեշտ են. Տիեկօ Գարամանուկեան

by MassisPost

Ուրուկուէյի մէջ հայկական ռատիոյի գործունէութեան համար որոշ ներդրումներ  անհրաժեշտ են։ Այս մասին 18 Սեպտեմբերին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Ուրուկուէյի «Ռատիօ Արաքս»ի տնօրէն Տիեկօ Գարամանուկեան։

Անոր խօսքով, Ուրուկուէյի մէջ քիչ քանակով հայկական հաղորդումներ կը սփռուին եւ բացի անկէ, հայկական համայնքին համար անյարմար ժամերու։ «Ուրուքուէյի մէջ հայկական համայնքը կ’առանձնանայ անով, որ ինքզինք կը կապէ հայկական ռատիոյին եւ հայկական երաժշտութեան հետ։ Յաճախ անգամ հայերէն չհասկանալով, ունկնդիրները հաճոյքով կը լսեն հայերէն երգեր եւ երաժշտութիւն»,– ըսած է Գարամանուկեան, աւելցնելով, որ այդ արտադրանքին որակը երաժշտական առումով շատ ցած մակարդակի վրայ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment