Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հունգարիա Սաֆարովը 7 Միլիոն Տոլարով Վաճառած է Ատրպէյճանին. Նոր Բացայայտումներ

Հունգարիա Սաֆարովը 7 Միլիոն Տոլարով Վաճառած է Ատրպէյճանին. Նոր Բացայայտումներ

by MassisPost

Համաշխարհային մամուլի եւ «Կազմակերպուած յանցաւորութեան ու կաշառակերութեան հետաքննութեան նախագիծ»ի կողմէ գաղտնազերծուած Ատրպէյճանի կառավարող վերնախաւի կողմէ դրամի լուացման մասին պատմութիւնը նոր զարգացումներ կը ստանայ:

Հունգարական «Átlátszó» հետաքննական լրագրողական կազմակերպութեան կողմէ կատարուած բացայայտումները լոյս կը սփռեն շուրջ հինգ տարի առաջ Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ կայացած գործարքին վրայ, որուն արդիւնքով Պաքուին արտայանձնուած էր Հունգարիոյ մէջ իր պատիժը կրող հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահարած ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարով:

Մասնաւորապէս, պարզ դարձած է, որ ճիշդ այդ գործարքի կայացման ժամանակահատուածին Ատրպէյճանէն 7 միլիոն ամերիկեան տոլար փոխանցուած է հունգարական «MKB» դրամատան մօտ բացուած հաշուին: Բացայայտուած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ այդ հաշուեհամարը պատկանած է «Velasco International» ընկերութեան, իսկ փոխանցումն ալ կատարուած է «Metastar Invest LLP» ընկերութեան կողմէ, որ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն մէջ ատրպէյճանական իշխանութիւններու կաշառակերութեան նախագիծին մէջ ներգրաւուած չորս ընկերութիւններէն մէկն է:

Աւելին, բացայայտումները ցոյց կու տան, որ «Velasco International» ընկերութիւնն ալ որպէս օֆշորային ընկերութիւն, կը պատկանի Ատրպէյճանի վարչապետի փոխանորդ Եաքուպ Էյուպովի որդիին՝ Օրխան Էյուպովին:

Հունգարիոյ այդ օրերու վարչապետ Օրպանի եւ Ատրպէյճանի վարչապետի փոխանորդին միջեւ սերտ կապերու մասին կը վկայէ նաեւ այն հանգամանքը, որ Սաֆարովի արտայանձնումէն շատ չանցած 2012 թուականի Յունիսին Պաքու կատարած այցի ընթացքին Օրպանը  դիմաւորած է ինք՝ Եաքուպ Էյուպով:

«Átlátszó»ի կողմէ կատարուած ծաւալուն հետաքննութիւնը բազմաթիւ փաստեր գաղտնազերծած է, որոնք ուղղակիօրէն կ’ապացուցեն Էյոպովներու կապը «Velasco» ընկերութեան, Հունգարիոյ մէջ անոր ծաւալած գործունէութեան, այդ երկրին մէջ կատարած մեծ ներդրումներուն հետ:

«Velasco»ի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ ունեցած առնչութիւններուն մասին կը վկայէ նաեւ այն հանգամանքը, որ այդ ընկերութեան 7 միլիոն տոլար փոխանցած  «Metastar Invest LLP» ընկերութիւնը ներգրաւուած է նաեւ Ատրպէյճանի հետ կապուած մէկ այլ խնդրայարոյց-կաշառակերութեան պատմութեան մէջ: Մասնաւորապէս, «Metastar Invest» նոյն այն ընկերութիւնն է, որ 2.4 միլիոն եւրօ  վճարած էր իտալացի պատգամաւոր Լուքա Ոլոնթէին Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Իլհամ Ալիեւի շահերը ներկայացնելու եւ Ատրպէյճանի օգտին լոպպինկ կատարելու դիմաց:

Աւելին, գաղտնազերծուած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Լուքա Ոլոնթէ նաեւ սերտ կապերու մէջ եղած է Վիքթոր Օրպանի հետ, վերջինիս օգնած է Եւրոպական խորհուրդին մէջ լոպպինկ իրականացնելու այն ժամանակ հունգարական սահմանադրական խնդրայարոյց փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան հարցը հիմնաւորելու գործին մէջ:

Վերոնշեալ փաստերն ուղղակիօրէն ցոյց կու տան, որ տարիներ առաջ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովն  արտայանձնելու հունգարական իշխանութիւններու քայլը 7 միլիոն ամերիկեան տոլար արժած է: Ինչպէս հունգարական «The Budapest Beacon» պարբերականը կը նշէ. «ծանր յանցագործութիւն կատարողը արտայանձնելու հունգարական կողմի իրական նպատակն արդէն յայտնի է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment