31 Օգոստոսին ԵԱՀԿ գրասենեակը դադրեցուց իր գործունէութիւնը Երեւանի մէջ: 17 տարուայ արդիւնաւէտ աշխատանքէ ետք գրասենեակը դադրեցուց գործունէութիւնը, դրօշը՝ իջաւ:
Պատճառն այն է, որ ԵԱՀԿ չկրցաւ դիմակայել Ատրպէյճանը, որ վեթօ դրաւ կազմակերպութեան պիւտճէին վրայ, քանի ծրագիրներու հետ կապուած, որոնք, իբր թէ, կ’իրականացնէ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակը:
ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդը չկրցաւ ձայներու մեծամասնութիւն ձեռք բերել Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան ներկայացուցչութեան մանդատի երկարաձգման հարցով:
Հայաստան միակ երկիրն էր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին, ուր տակաւին ԵԱՀԿ գրասենեակ կը գործէր: 2015 թուականին այն փակուեցաւ Պաքուի մէջ, իսկ Թիֆլիսի մէջ կազմակերպութեան մանդատի ժամկէտն աւարտեցաւ 2008 թուականի Դեկտեմբերին ու չերկարաձգուեցաւ:
Գերմանական, յետոյ նաեւ աւստրիական նախագահութիւնը կը փորձէին համոզել Ատրպէյճանը պահանջներուն անհիմն ըլլալու հարցին շուրջ, բայց ապարդիւն: