Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսիա եւ Թուրքիա Ստորագրած են «С-400» Հակաօդային Համակարգերու Առքուվաճառքի Պայմանագիրը

Ռուսիա եւ Թուրքիա Ստորագրած են «С-400» Հակաօդային Համակարգերու Առքուվաճառքի Պայմանագիրը

by MassisPost

Ռուսիա եւ Թուրքիա ստորագրած են հակաօդային պաշտպանութեան «С-400» համակարգերու առքուվաճառքի պայմանագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական պետական «ՌԻԱ Նովիսթի» գործակալութիւնը: Աղբիւրը երէկ ներկայացուցած է «Рособоронэкспорт»ի գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Միխէեւի խոսքերը ․ «Պայմանագիրը ստորագրուած է, սակայն տակաւին ուժի մէջ չէ մտած»:

Ռուս պաշտօնեան աւելցուցած է, որ «աշխատանքը կը շարունակուի, միայն տեխնիկական նրբութիւնները մնացած են»: Միխէեւ չէ մանրամասնած, թէ ռուսական «С-400» քանի՞ համակարգ պիտի վաճառուի Թուրքիոյ եւ Անգարա որքա՞ն պիտի վճարէ անոր դիմաց:

Ամերիկեան «Jamestown» հիմնադրամի անվտանգութեան հարցերով վերլուծաբան Էտուարտ Աբրահամեանի խօսքով, նման պայմանագիրի ստորագրումը կը նշանակէ, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա անցում կը կատարեն խորացած համագործակցութեան: «Այս կը նշանակէ, որ Ռուսիոյ համար Թուրքիան այլեւս պիտի չդիտարկուի որպէս այս տարածաշրջանի հիմնական սպառնալիքը, հիմնական հակառակորդը:

Աւելին՝ այս փաստաթուղթը կրնայ մեկնաբանուիլ այսպէս. Ռուսիա այս համակարգերը մատակարարելով, ոչ միայն կը փորձէ Թուրքիոյ համար իր ռազմական տեխնոլոկիաներու շուկան բանալ, այլ նաեւ կը ցուցադրէ, որ Թուրքիոյ հետ, ինչպէս Սուրիոյ, Սեւ ծովի, կովկասեան հարցերուն մէջ, կարելի է գալ համաձայնութեան եւ գտնուիլ խորացած համագործակցութեան մէջ»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Էտուարտ Աբրահամեան:

Նշենք, որ «Bloomberg» գործակալութիւնը տակաւին 13 Յուլիսին հաղորդելով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ «C-400»ի շուրջ նախնական պայմանաւորուածութեան կայացման մասին, գրած էր, որ Անգարա Մոսկուային պիտի վճարէ 2,5 միլիառ տոլար, որուն դիմաց ռուսական կողմը 2018 թուականին «C-400» երկու համակարգ պիտի մատակարարէ, նաեւ պիտի օգնէ, որ Թուրքիոյ մէջ արտադրուին եւս երկու նման համակարգեր:

Գործակալութեան ներկայացմամբ, թէեւ «C-400»ները չեն կրնար միաձուլուիլ ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական այլ համակարգերու հետ, բայց եւ որեւէ խոչընդոտ չկայ, որպէսզի Անգարա զանոնք տեղադրէ Հայաստանի կամ Յունաստանի հետ սահմանին, բան մը, որ հնարաւոր պիտի չըլլար հակաօդային պաշտպանութեան արեւմտեան համակարգերու պարագային:

«Bloomberg»ի հրապարակման յաջորդ օրը, անդրադառնալով «C-400»ներու շուրջ ռուս-թրքական հնարաւոր պայմանաւորուածութեան, Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս, ըստ Փենթակոնի պաշտօնական կայքին, ըսած էր․ «Խնդիրն այն է, թէ ինչպէս պիտի ապահովուի ՆԱԹՕ-ի ու ռուսական համակարգերու փոխգործակցութիւնը: Ի վերջոյ, այդ համակարգերն այնպէս ստեղծուած են, որ երբեք չեն կրնար փոխգործակցիլ: Ուստի պէտք է տեսնենք, թէ արդեօք այդ գործն առաջ պիտի երթա՞յ, արդեօք անոնք կը շահագործե՞ն զայն, արդեօք պիտի շահագործեն միայն մէ՞կ շրջանի մէջ, նմանատիպ այլ հարցեր կան: Մենք պէտք է հետեւինք այդ զարգացումներուն»:

«Jamestown» հիմնադրամի վերլուծաբանը նշած է․ «Թուրքիա արդէն բաւական երկար ժամանակ է, որ ունի հիմնական սպառազինութիւններու արդիականացման խնդիր, եւ ակնյայտ էր, որ վերջին 15 տարիներու ընթացքին ՆԱԹՕ-ի երկիրները մեծ շահագրգռութիւն չէին ցուցաբերեր Թուրքիոյ նման զինատեսակներ, այդ թուին՝ հեռահար հակաօդային համակարգեր մատակարարելու հարցին մէջ: Այնպիսի զինատեսակներ ու համակարգեր, որոնք Թուրքիա պիտի կարողանար ինքնուրոյն տնօրինել»:

Էտուարտ Աբրահամեանի խօսքով, յառաջիկային պէտք է սպասել, որ տեղի պիտի կայանան ռուս-թրքական նոր պայմանաւորուածութիւններ: «Հայաստանի համար այդ մէկն ի հարկէ որոշակիօրէն սպառնալիք է, ելլելով այն բանէն, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա այս պարագային աւելի պիտի կարեւորեն ղարաբաղեան խնդիրի շուտափոյթ կարգաւորումը: Այդ երկիրները նման կարգաւորման օրակարգ պիտի առաջարկեն, բան մը, որ Հայաստանի համար նոր խնդիրներ ու սպառնալիքներ պիտի ստեղծէ, որովհետեւ այդ պարագային Թուրքիա Մոսկուայի հետ համագործակցութեան շնորհիւ տարածաշրջանին մէջ աշխոյժ խաղացող պիտի դառնայ»,- նշած է փորձագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment