Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ
Իր տեսակին մէջ եզակի ասուլիս մըն էր որ տեղի ունեցաւ անցեալ Հինգշաբթի, Օգոստոս 17ին, 2017, երեկոյեան ժամը 6:00էն 9:30, Լոս Անճելոսի Իրանահայ Միութեան Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան շէնքի գրադարանին մէջ:
Շուրջ վեց տասնեակ հրաւիրեալներ ընդառաջած էին Մեսրոպեան Ուխտ Լեզուապահպանական Միութեան, ինչպէս նաեւ Գալիֆորնիոյ Հայ-Ամերիկեան Մշակութային եւ Իրանահայ Միութիւններու հրաւէրին, մասնակցելու համար հայոց լեզուին նուիրուած հաւաք-ասուլիսին: Ներկաներուն մեծ մասը կը բաղկանար ծանօթ մտաւորականներու, գրողներու, մանկավարժներու եւ խմբագիրներու ընտրանի հոյլէ մը:
Ասուլիսի բացումը կատարելով Իրանահայ Միութեան պատասխանատուներէն` Թոմիկ Ալեքսանեան, ողջունեց ներկայ հասարակութիւնը, միաժամանակ բնութագրեց սոյն նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը, որով կ’առաջադրուի հայոց լեզուի անաղարտ պահպանութեան հետ առնչուած հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակումը:
Ասուլիսի ներկայ հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ Լոս Անճելոսի Հայաստանի աւագ հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ հիւպատոս Ռազմիկ Ստեփանեան: Ան իր հակիրճ ելոյթին մէջ ողջունեց կազմակերպիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց հայրենանուէր աշխատանքներուն:
«Հայերէն Լեզուի Վիճակը Գալիֆորնիոյ Մէջ» նիւթով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան Ուխտ Լեզուապահպանման Միութեան նախագահ Տօքթ. Յակոբ Այնթապլեան: Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց մեր գաղութի կրթական եւ տեղեկատուական կառոյցներէն ներս, հայոց լեզուի հնչիւնաբանութեան հարցով եղած շօշափելի աղաւաղումներու մասին: Յարգելի զեկուցաբերը` խիստ կարեւոր նկատեց յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին պայմանադրական դպրոցներու («Ֆօսթըր Սքուլ») ցանցի ընդլայնումը:
«Արեւմտահայերէնի արդի վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները» նիւթով հանդէս եկաւ ծանօթ պատմաբան եւ լեզուագէտ «Մեր լեզուն մեր խօսքը» հաղորդաշարի հեղինակ փրոֆ. Արտեմ Սարգիսեան: Ան խիստ կարեւոր նկատեց հայրենի լեզուի բարձրագոյն խորհուրդի մը ստեղծումը, մաքրազտելու մեր լեզուն ու ուղղագրութիւնը:
Հայկական Ամէնօրեայ Դպրոցներու Սակաւութիւնը նիւթին շուրջ համապարփակ ելոյթ մը ունեցաւ Յովսէփ Նալպանտեան: Ան արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութիւններուն մասին խօսելով ցաւով նշեց եւ վիճակագրական տուեալներով բացայայտեց հայկական դպրոցներու պարզած այսօրուան տխուր իրականութիւնը: Աւելի շատ վարժարաններ կը փակուին քան թէ կը բացուին: Առաջարկեց հայկական միասնական հիմնադրամ մը ստեղծել, կրթական նպատակներու յատկացուելու համար:
«Ով Պիտի որոշէ Լեզուի Օրէնքները եւ Գործադրէ Զանոնք» նիւթին շուրջ անդրադարձաւ փրոֆ. Օշին Քէշիշեան: Ան ահազանգ հնչեցուց թէ ինչպէս օտար լեզուներ ազդեցութիւն գործած են մեր շրջապատին վրայ: Խիստ կարեւոր նկատեց լեզուի, բառապաշարի, ուղղագրութեան եւ յարակից հարցերու շուրջ լուրջ ուսումնասիրութեան խորհուրդի մը կազմութիւնը: «Միայն հայրենի պետութեան հովանաւորութեան ներքեւ կրնայ համապատասխան կառոյց մը իրականացնել եւ ճշգրտօրէն գործադրել զայն» ըսաւ զեկուցաբերը:
«Հայերէնի Ուսուցումը Համացանցի միջոցով» նիւթին շուրջ հետաքրքրական տուեալներով տեսաերիզի միջոցով լուսաբանութիւններ տուաւ Հրաչ Սեփեթճեան: Ան նշեց որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ նախաձեռնուած ուսուցման այս նոր մեթոտով, հայոց լեզուի ուսուցումը կարելի է հասանելի դարձնել աշխարհի բոլոր ծագերուն համացանցի միջոցով: Արդարեւ, Երուանդ Զօրեանի նախաձեռնութեամբ 10 տարի առաջ հաստատուած ուսման այս դասընթացքին ներկայիս կը հետեւին 20,000 ուսանողներ, 7 տարբեր լեզուներով եւ 9 մակարդակներով, եռամսեայ ձեւով:
Հայ Ուսուցիչներու Կրթական Վերապատրաստութեան Անհրաժեշտութեան մասին զեկուցեց Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան: Նախ վիճակագրական հարցախոյզներու իբրեւ արդիւն պարզեց որոշ ցաւալի երեւոյթներ: Ան նշեց որ նոր սերունդի 93 տոկոսը իրարու հետ անգլերէն կը խօսի եւ խիստ կենսական նկատեց հեռատեսիլի ծրագիրներուն մէջ հայերէն լեզուի բիւրեղացումը: Իսկ ծնողներ պէտք է սէր ցուցաբերեն մեր մայրենի լեզուին հանդէպ: Միւս կողէ օգտաշատ անհրաժեշտութիւն համարեց հայ ուսուցիչներու համախումբ վերապատրաստութիւնը:
Ընդմիջում-հիւրասիրութենէն ետք խօսք առին հայ մամուլի ներկայացուցիչները Աբօ Պօղիկեան («Ասպարէզ»), Տօքթ. Արշակ Գազանճեան («Մասիս»), Դոկտ. Մինաս Գոճայեան («Նոր Օր»), որոնք իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին սփիւռքահայ մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Անոնք նաեւ գնահատեցին Տօքթ. Յակոբ Այնթպալեանի կողմէ հիմնուած «Մեսրոպեան Ուխտ» շարժումը եւ յորդորեցին մեր ազգային-հասարակական կազմակերպութիւններուն զօրավիգ կանգնիլ հետզհետէ զարգացող եւ ընդհանրական բնոյթ կրող այս նախաձեռնութիւնը:
Իր փակման խօսքին մէջ Տօքթ. Յ. Այնթապլեան շնորհակալութիւն յայտնեց ասուլիսի բոլոր մասնակիցներուն եւ նշեց որ փրոֆ. Ա. Սարգիսեանի հետ պատրաստելու վրայ է օտար բառերէ մաքրազտուած հայերէն բառարան մը: Ան ողջունեց նաեւ հայրենիքի մէջ ներկայիս կազմաւորուող «Հայոց Լեզուի Բարձրագոյն Խորհուրդ»ը որուն որոշումները պէտք է պարտադրուին նաեւ սփիւռքի մէջ: