Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան եւ Իրան Ստորագրած են Ազատ Տնտեսական Գօտիներուն Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիր

Հայաստան եւ Իրան Ստորագրած են Ազատ Տնտեսական Գօտիներուն Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիր

by MassisPost

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահի խորհրդական, Առեւտրական ազատ գօտիներու համադրման խորհուրդի քարտուղար Աքպար Թորքան 17 Օգոստոսին ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր։

Նախարարութենէն «NEWS.am»ին յայտնած են, որ յուշագիրին նպատակն է սահմանել Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ազատ տնտեսական գօտիներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները, մասնաւորապէս ապահովել «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի եւ «Արաս» տնտեսական յատուկ գօտիի առաջմղումն ու  սերտ փոխգործակցութիւնը վերջիններուս զարգացման նպատակով։

Ի թիւս այս նպատակներուն, յուշագիրին համաձայն, «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիին եւ «Արաս» յատուկ տնտեսական գօտիի տարածքներուն մէջ գործունէութիւն իրականացնող ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ գօտիները կառավարող մարմիններուն եւ պետական գերտեսչութիւններուն միջեւ կապեր պիտի հաստատուին։ Նախատեսուած է գործուն աջակցութիւն երկկողմ եւ բազմակողմ գործարար միջոցառումներու եւ ցուցահանդէսներու կազմակերպման «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի եւ «Արաս» յատուկ տնտեսական գօտիի տարածքներուն մէջ։  Յատուկ աշխատանքային խումբը ընդլայնուած կազմով պիտի զբաղի ազատ տնտեսական գօտիներու գործակցութեան հարցերով, պիտի մշակէ համագործակցութեան ճանապարհային քարտէզը։

Սուրէն Կարայեան եւ Աքպար Թորքան հանդիպման ընթացքին վերահաստատած են, որ նպատակն է ստեղծել ազատ տնտեսական գօտիներու մէկ ընդհանուր համակարգ, որ պիտի դառնայ տարածաշրջանային զարգացման կեդրոնը։ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարը եւ Իրանի նախագահի խորհրդականը ամփոփած են իրանական պատուիրակութեան այցի միւս արդիւնքները նոյնպէս։ Նախօրէին Սուրէն Կարայեանի եւ Աքպար Թորքանի նախաձեռնութեամբ ձեւաւորուած էր երեք աշխատանքային խումբ՝ զբօսաշրջութեան, ազատ տնտեսական գօտիներու եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկելու եւ գործնական առաջարկներ մշակելու նպատակով։

«Ինձ զեկուցել են, որ մեր ստեղծած աշխատանքային խմբերը բաւականին արդիւնաւէտ քննարկումներ են ունեցել։ Վստահ եմ,  որ դրանց արդիւնքում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները  եւ այն համագործակցութիւնը, որի սկիզբը մենք այսօր կը դնենք, կը խորացնեն հայ-իրանական տնտեսական փոխգործակցութիւնը»,- նշած է Ս.Կարայեան։

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեան ներկայացուցած է խումբերու աշխատանքներու արդիւնքները եւ գործնական առաջարկները։ Մասնաւորապէս՝ նշուած է, որ քննարկուած եւ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսական ապրանքներու վերամշակման ոլորտին մէջ համատեղ ձեռնարկութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ։

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան  պետական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան նոյնպէս ներկայացուցած է զբօսաշրջութեան ոլորտի աշխատանքային խումբի քննարկումները որոնք կ’առնչուին լրագրողներու փոխադարձ ճանաչողական այցերուն, զբօսաշրջային ցուցահանդէսներուն, տարածաշրջանային զբօսաշրջային արդիւնքի ձեւաւորման  եւ արտերկրի մէջ անոր առաջմղման հարցերուն։

Աքպար Թորքան շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար եւ աւելցուցած.

«Արաս» առեւտուրի ազատ գօտին Իրանի համար Կովկասի եւ ԵՏՄ երկիրներուն հետ համագործակցութեան Իրանի դարպասն է: Հայաստան կ’անդամակցի ԵՏՄ-ին եւ բաւական լաւ յարաբերութիւններ ունի ԵԱՏՄ անդամ երկիրներուն հետ եւ մենք յոյսով ենք, որ պիտի կարողանանք այդ հանգամանքն օգտագործել Եւրասիական շուկայ մուտք գործելու համար»:

Հանդիպման աւարտին Սուրէն Կարայեան նշած է․«Մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն եմ ուզում յայտնել հրաւէրն ընդունելու եւ Հայաստան այցելելու համար։ Մենք բաւականաչափ առաջընթաց արձանագրեցինք մեր տնտեսական յարաբերութիւնների մէջ։ Մենք սկիզբ ենք դնում այսօր նոր ծրագրերի։ Մենք համոզուեցինք, որ զարգացման լուրջ ներուժ կայ արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտում։ Ինչպէս նաեւ վստահ ենք մեր ազատ տնտեսական գօտիների համագործակցութիւնը կը բերի մեր երկու երկրների տնտեսական յարաբերութիւնների շեշտակի աճի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment