Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պէտք է Դադրին Խաղալ Սերժ Սարգսեան-Կարէն Կարապետեան Հնարաւոր Հակասութիւններու Վրայ»

«Պէտք է Դադրին Խաղալ Սերժ Սարգսեան-Կարէն Կարապետեան Հնարաւոր Հակասութիւններու Վրայ»

by MassisPost

Արդեօք Սերժ Սարգսեանի յաջորդ պաշտօ՞նը պիտի ըլլայ կառավարութեան ղեկավարի աթոռը։ Անոր նախագահութեան աւարտէն 8 ամիս առաջ  Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ այս դարձած է թիւ մէկ հարցը։ «Անորոշութիւնն ստեղծուել է այն պարզ պատճառով, որ նա չի յայտարարել, թէ ինչ է անելու 2018-ի Ապրիլից յետոյ, երբ դադարեն նախագահի լիազօրութիւնները»,- «Ա1+»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է քաղաքագէտ Ստիոփա Սաֆարեան։

Վարչապետի պաշտօնն զբաղեցնելու հարցը տակաւին 2014 թուականին մեկնաբանած է անձամբ Սերժ Սարգսեան։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ ան յայտարարած է, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունման պարագային ինք վարչապետ պիտի չդառնայ։ «Ես չեմ յաւակնի վարչապետի պաշտօնին, վստահ եմ անգամ, որ մէկ մարդը երկու անգամից աւել իր կեանքում պէտք է չյաւակնի երկրի կառավարման ղեկին Հայաստանում»,- ըսած էր ան։

Կարէն Կարապետեան վարչապետ նշանակուեցաւ 2016-ի Սեպտեմբերի 13-ին։ Այդ նշանակումը, Ստիոփա Սաֆարեանի համոզմամբ, Սերժ Սարգսեան Մոսկուայի հետ համաձայնեցուցած էր։ Եթէ 2018-ի Ապրիլին յայտարարուի, որ Կարէն Կարապետեան պիտի հեռանայ, ուրեմն Սերժ Սարգսեան խախտած է Մոսկուայի հետ համաձայնութիւնը։  Թերեւս այդ է պատճառը, որ Սերժ Սարգսեան առայժմ կը գովէ  Կարէն Կարապետեանը, յայտնելով հետեւեալը. «Կառավարութեան ներկայիս կազմը վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ վայելում է իմ եւ մեր ամբողջ թիմի լիակատար վստահութիւնը»։

Քաղաքագէտ Ստիոփա Սաֆարեանի կարծիքով, Սերժ Սարգսեան պիտի չկրկնէ Ռոբերտ Քոչարեանի քայլը, ամբողջապէս հեռանալով կառավարման համակարգէն եւ կորսնցնելով վերահսկողութիւնը իշխանութեան նկատմամբ։

«Սերժ Սարգսեանն առաւել քան որեւէ մէկը հրաշալի գիտի, որ պետական, իշխանական համակարգից դուրս օպիեքթիւօրէն ազդեցութիւնը թուլանում է, ինչպէս որ թուլացաւ Ռոբերտ Քոչարեանի, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դէպքում։ Եթէ Սերժ Սարգսեանը որոշի Մելիք–Ադամեան փողոցից ղեկավարել քաղաքական կեանքը, նա հասկանում է, որ թուլանալու է իր ազդեցութիւնը»։

Ստիոփա Սաֆարեանի կարծիքով,  կայ միայն մէկ տարբերակ.  ընդդիմադիր ուժերը պէտք է  դադրին Սերժ Սարգսեան-Կարէն Կարապետեան հնարաւոր հակասութիւններու վրայ խաղալէ՝ պաշտպանելով անոնցմէ մէկը, այլ  պէտք է աշխատին հասարակութեան հետ՝ վերականգնելով երբեմնի  դերակատարումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment