Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Պահանջով` Հայկական Դիրքերու Դէմ Օդային Հարուածներուն Մասնակցած են Իսրայէլացիք

Ատրպէյճանի Պահանջով` Հայկական Դիրքերու Դէմ Օդային Հարուածներուն Մասնակցած են Իսրայէլացիք

by MassisPost

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսած  է պաշտօնապէս քննել Ատրպէյճանին հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ) մատակարարող Aeronautics Defence System ընկերութեան գործողութիւնները:

Իսրայէլի մէջ հրատարակուող «Հաարեց» թերթը հաստատած է, որ ընկերութեան աշխատակիցները Պաքու կատարած իրենց այցի ընթացքին  «Orbiter 1K» հարուածային անօդաչու սարքերու կարողութիւնները ատրպէյճանական կողմին ցուցադրած են հայկական դիրքերու դէմ իրականացուած հարուածի միջոցով:

Հայկական աղբիւրներու տեղեկութիւններով, վերջին անգամ ատրպէյճանական կողմը իսրայէլեան արտադրութեան անօդաչու հարուածային սարքեր կիրառած է մօտ մէկ ամիս առաջ:

Aeronautics Defense Systems ընկերութիւնը կտրականապէս հերքած է, թէ իր աշխատակիցները  նման փորձարկում կատարած են: Ընկերութիւնը շեշտած է, որ իրենք երբեք անօդաչու սարքերու փորձարկումներ չեն կատարեր կենդանի թիրախներու վրայ: Նոյնն է նաեւ այս պարագային:

Իսրայէլական  մէկ այլ՝ «Մաարիվ» թերթի փոխանցմամբ,  ընկերութեան պաշտօնեաները մերժած են մասնակցիլ պատերազմական գործողութիւններուն, սակայն ատրպէյճանական  կողմի սպառնալիքներէն ետք, ընկերութեան ղեկավարները անձամբ  փորձարկած են սարքերը, որոնք, սակայն, շեղած են իրենց թիրախէն եւ ինկած են հայկական դիրքերէն շուրջ 100  մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առնչութեամբ յայտարարած  է. «Որպէս կանոն, պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի մեկնաբաներ ռազմական արտահանումներուն առնչուող հարցերը: Այս դիմումը կ’ուսումնասիրուի նախարարութեան համապատասխան մարմիններուն կողմէ»:

«Հաարեց» կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճան անցեալին եւս հայկական ուժերու դէմ կիրառած է իսրայէլական ԱԹՍ-ներ, մասնաւորապէս, 2016-ի Ապրիլին Israel Aerospace Industries ընկերութեան արտադրութեան Harop տեսակի ԱԹՍ-ն հարուածած է հայ կամաւորներ փոխադրող պասը, որու հետեւանքով եօթը հոգի մահացած է:

Թերթը այս առթիւ կը  յիշեցնէ որ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջերս յայտարարած է, որ իր երկիրը Իսրայէլէն ձեռք ձգած է շուրջ 5 միլիար տոլարի զինամթերք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment