Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Սասնայ Ծռեր» Խումբի Հացադուլ Յայտարարած Անդամները Պահանջներ կը Ներկայացնեն Իշխանութեան

«Սասնայ Ծռեր» Խումբի Հացադուլ Յայտարարած Անդամները Պահանջներ կը Ներկայացնեն Իշխանութեան

by MassisPost

Նուբարաշէնի բանտին մէջ պահուող «Սասնա Ծռեր» զինուած խումբի անդամներ Վարդան Գերաւետեան եւ Տիգրան Մանուկեան չեն պատրաստուիր դադրեցնել հացադուլը՝ շարունակելով պահանջներ ներկայացնել իշխանութեան։

Գերաւետեանի փաստաբան Դաւիթ Գիւրջեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին փոխանցած է անոր խօսքերը, որ ան պիտի շարունակէ իր բողոքն այնքան ժամանակ, որքան ի վիճակի է։ Ան արդէն 18 օրէ ի վեր կը հրաժարի սնունդ ստանալէ։

«Ինքը յստակ դիրքորոշում է յայտնում, որ չի պատրաստուում դադարեցնել հացադուլը», – նշած է փաստաբանը:

Գիւրջեան երկու օր առաջ այցելած է կալանավայր, յայտնած է, որ հացադուլը հիւծած է պաշտպանեալը, որուն վահանաձեւ գեղձին մէջ վերջերս բժիշկները գոյացութիւն յայտնաբերած են։

«Մտահոգող հարցը իր մօտ յայտնաբերուած խպիպի խնդիրն է, որը առանց այդ էլ շատ խնդրայարոյց է, բայց այս հացադուլի պայմաններում, երբ օրգանիզմն է հիւծուում, բացի դրանից չի կարողանում դեղ ընդունել», – նշած է փաստաբանը:

Արդարադատութեան նախարարութեան Քրէակատարողական վարչութենէն փոխանցած են, որ հացադուլաւորներու առողջական վիճակը բաւարար է, կը գտնուին բժշկական անձնակազմի հսկողութեան տակ եւ տեղափոխուած են հացադուլաւորներու համար նախատեսուած խուցեր։

Գերաւետեան բողոքի այս ձեւով քանի մը պահանջ կը ներկայացնէ. նախ՝ «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամները, Անդրիաս Ղուկասեանը, Գէորգ Սաֆարեանը, Շանթ Յարութիւնեանը, ինչպէս նաեւ Սարի թաղի կալանաւորուած բնակիչները ճանչնալ որպէս քաղբանտարկեալներ: Բացի անկէ, «Նուբարաշէն» ՔԿՀ-ի մէջ պահուող «Սասնայ Ծռեր»ու ընդհանուր բանտախուցերէն տեղափոխել առանձնացուած խուցեր։

21 Յուլիսէն սնունդէ հրաժարած Գերաւետեանին պնդմամբ, իշխանութիւններու ցուցումով տարբեր միջոցներով փորձ կը կատարուի լարուածութիւն եւ թշնամանք սերմանել «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամներուն եւ միւս կալանաւորներուն միջեւ, բան մը, որ կրնայ բախումներու յանգեցնել: Գերաւետեան կը պահանջէ նաեւ քննութիւն իրականացնել եւ պատժել «Հաց բերող» անուամբ յայտնի, զինուած խումբին օժանդակելու մէջ մեղադրուած Արթուր Սարգսեանի մահուան մէջ մեղաւոր անձերը:

Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի տարածքը գրաւելու մէջ մեղադրուող «Սասնայ Ծռեր» խմբաւորման միւս անդամը՝ Տիգրան Մանուկեան, որպէս համերաշխութեան նշան, ընկերոջ հացադուլին միացած է 24 Յուլիսին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment