Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Դատապարտած է Վան Նահանգի Մէջ Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Հանրային Զուգարանի Կառուցումը

Կարօ Փայլան Դատապարտած է Վան Նահանգի Մէջ Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Հանրային Զուգարանի Կառուցումը

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան դատապարտած է Վան նահանգի Էտրեմիթ շրջանին մէջ հայկական գերեզմանատան վրայ հանրային զուգարանի կառուցումը:

toiletsՕրերս Էտրեմիթի իշխանութիւնները Տիլքայա գիւղին մէջ հանրային լողափ բացած են, որուն հարեւանութեամբ ալ զուգարան, լողախցիկներ ու կայանատեղի կառուցած են: Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին հողէն մարդկային ոսկորներ դուրս հանուած են:

Կուսակցութեան կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Փայլան ուշադրութիւն հրաւիրած է, որ այս տարածքը առաջին աստիճանի պահպանութեան վայր կը համարուի:

«Այստեղ 3 հազար տարուայ հնութեան ուրարտական շրջանի պատմական եւ մշակութային կարեւոր հետքեր կան: Ժողովուրդի շրջանին մէջ հայկական Խորկոմ անունով յայտնի այս թաղամասը հարիւր տարի առաջ մեծապէս հայերով բնակեցուած եղած է, այստեղ գտնուող հայկական վանքն ու գերեզմանոցն ալ պատմական եւ հոգեւոր կարեւոր ժառանգութիւն կը համարուին: Երբ կը մտածես փոքրամասնութիւններու նկատմամբ պետական մօտեցման մասին, անպատասխանատու քաղաքային քաղաքականութեան ձեռքով այս տարածքներու ոչնչացումը, ցաւօք, զարմանք չ’առաջացներ: Աւելի քան հարիւր տարի փոքրամասնութիւններուն պատկանող մշակութային կառոյցները պետութեան կողմէ կա՛մ բռնագրաւուած, կա՛մ այլ ճանապարհներով ոչնչացուած են: Այդ պատճառով ալ այժմ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին հին եկեղեցիները, ոչ-իսլամներուն պատկանող հին դպրոցները վերածուած են մզկիթի, մարզասրահի, մշակութային կեդրոնի կամ թատրոնի: Հարիւրամեայ թալանը կը շարունակուի», – իր յայտարարութեան մէջ նշած է հայազգի պատգամաւորը:

Աւելի վաղ, Էտրեմիթի քաղաքապետարանը յայտարարած էր, որ Տիլքայա գիւղին մէջ հայկական գերեզմանատուն չկայ, եւ լողափին յարակից ոչ մէկ շինութիւն կառուցուած է, այլ միայն ափին մօտ փայտէ խցիկներ ու շարժական զուգարաններ տեղադրուած են:

Գիւղի բնակիչները, սակայն, թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ, հաստատած էին, որ յիշեալ շրջանը ժամանակին հայաբնակ եղած է, եւ այնտեղ հայկական գերեզմանատուն գտնուած է:

Կարօ Փայլան, անարգանք որակելով թրքական պատկան մարմիններու գործողութիւնները, կոչ ուղղած է պատշաճ քայլեր ձեռնարկել մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment