Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կրակոցներ Շամիրամ Գիւղին մէջ․ 4 Անձ Զոհուած եւ 7 Անձ Վիրաւորուած է

Կրակոցներ Շամիրամ Գիւղին մէջ․ 4 Անձ Զոհուած եւ 7 Անձ Վիրաւորուած է

by MassisPost

Արագածոտն մարզի Շամիրամ համայնքին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի միջադէպին պատճառն, ըստ ականատեսներու, նիւթական խնդիրներն են։ Գիւղացիներուն փոխանցմամբ, այսօր առաւօտուն միջին տարիքի տղամարդ մը մտած է Շամիրամի գերեզմաններու հարեւանութեամբ գտնուող սրահն ու կրակ բացած ներկաներուն ուղղութեամբ։

Զոհուած է 4 անձ, որոնցմէ երեքը մահացած են տեղւոյն վրայ, իսկ միւսն աւելի ուշ՝ հիւանդանոցը, կայ նաեւ 7 վիրաւոր։ Ինչպէս «Ազատութեան» պատմած են եզիտիաբնակ գիւղի բնակիչները, իրենք այսօր կը նշէին հանգուցեալներու յիշատակի օրը, արարողութիւնն սկսելէն մէկ ժամ անց աւարտած է ողբերգութեամբ։ Արդեօք ո՞վ եղած է կրակողը, գիւղի բնակիչները չեն գիտեր, միայն կը պատմեն, որ ան Արմաւիր մարզէն է, ըստ խօսակցութիւններու, եկած էր պարտք ու պահանջի հաշիւներ պարզելու արարողութեան մասնակցելու համար Ռուսիայէն գիւղ եկած եզիտիներուն հետ։

«Ինքը որ մտաւ ներս՝ մի հոգի իրան դիմաւորեց, ու իրան խփեց: Ես էդ տեսայ», – փոխանցած է գիւղի բնակիչներէն մէկը, իսկ այն հարցին, թէ «իսկ ի՞նչ ասաց այդ մի հոգին», պատասխանած է. «Տէ ինքը ինչ-որ, ուզեցել ա խնդրի, կամ մի բան, ինքը սպանել ա: Ինչ-որ էնտեղ մէկին հարցրել ա՝ «իմ փողը տուէք», գումարի խօսակցութիւնը գնացել ա ինչ-որ: Սեղանը 500 հոգի նստած էր, ես վերջում եմ նստած եղել, ներքեւի ժողովուրդը ասում ա, որ ինքը անունը շօշափել ա, ասել ա, ինչ-որ, «իմ փողը տուէք»:

Գիւղի մէկ այլ բնակիչ «Ազատութեան» այն հարցին, թէ երբեք տեսա՞ծ էր, կամ կը ճանչնա՞ր տուեալ անձը, արձագանգած է․ «Չէ, ես չեմ ճանաչում, բայց կան մարդիկ, շատերը իրան ճանաչում են, բայց ես չեմ ճանաչում»:

«Հոկտեմբերեանցի Արմաւիրի մարզից էր, Արաքսից էր», – փոխանցած են կրակող տղամարդը ճանչցողները, աւելցնելով, որ ան նոյնպէս եզիտի է:

Մահացածներէն երկուքը Շամիրամի բնակիչներ էին, միւս երկուքը Ռուսիայէն ժամանած էին։ Ըստ ականատեսներու, կրակողը դէպքի վայրէն հեռացած է, բայց կարճ ճամբայ կտրելէ ետք գիւղի սկզբնամասը ձգելով իր վարած ճերմակ «Նիւա»ն փախուստի դիմած է։

«Ազատութեան» նկարահանման պահուն քննչական գործողութիւններ կ’իրականացուէին ե՛ւ տարածքին մէջ, ուր ինքնաշարժը կանգնած էր, ե՛ւ շինութեան մէջ, ուր դէպքը տեղի ունեցած է։ Երբ զոհուածներէն մէկուն հարազատը յուզուած սկսած է պատմել դէպքին մանրամասները, ոստիկանները լրագրողներուն արգիլած են նկարահանումներ կատարել այդտեղ։

Դէպքին ներկայ գտնուածները պատմած են նաեւ, որ զինուած տղամարդը ատրճանակէ կրակած է, բայց ըստ ոստիկանութեան հաղորդագրութեան, այն «Սայկա» տեսակի օրինական գրանցուած որսորդական հրացան եղած է: Իրաւապահներուն յայտնի է նաեւ տղամարդուն ինքնութիւնը, ըստ ոստիկանութեան հաղորդագրութեան, այժմ միջոցներ կը ձեռնարկուին կասկածեալը յայտնաբերելու ուղղութեամբ: Անոր անունը չի նշուիր:

Շամիրամ գիւղի ոճիրի կասկածեալ Թելման Քալաշեան

Շամիրամ գիւղի ոճիրի կասկածեալ Թելման Քալաշեան

Քննչական կոմիտէէն տեղեկացուցած են, որ Յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մօտ քրէական գործ յարուցուած է:

Ինչ կը վերաբերի վիրաւորներուն, անոնցմէ վեցը տեղափոխուած են Աշտարակի հիւանդանոց, ուր առաջին բուժօգնութենէ ետք առաւել ծանր վիճակի մէջ գտնուող 3 վիրաւորներն աւելի ուշ տեղափոխած են Երեւան՝ «Աստղիկ» բժշկական կեդրոն։ Անոնցմէ երկուքին վիճակը, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, միջին ծանրութեան կը գնահատուի, մէկունը` ծանր: Միւս 2 վիրաւորները կը շարունակեն բուժում ստանալ Աշտարակի հիւանդանոցին մէջ։ Իսկ անոնցմէ մին առաջին օգնութիւն ստանալէ ետք հիւանդանոցէն դուրս գրուած է:

«Երեք հիւանդները՝ վերջոյթների շրջանում վէրքեր էին, մէկը՝ քերծուածքներ էր, լուրջ ոչ մի բան չկար, հիւանդը թողնուել է տուն՝ վիրակապելուց յետոյ, երկու հիւանդներին՝ վերջոյթների վնասումներով, մեր բաժանմունքում կատարուել է առաջնային վիրաբուժական մշակում, հիւանդները գտնուում են բաժանմունքում», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Աշտարակի հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժնի վարիչ Աշոտ Յակոբեան:

Ըստ Յակոբեանին, հրազէնային վնասուածքները նման չէին ատրճանակէ ստացուած վնասուածքներու, անոնք այլ տեսք ունին: «Արագ է կրակոցները եղել՝ իրենց թուում էր, որ դա աւտոմատիկ զէնք է: Այնքան բեկորներ կար, որ չի լինում նման բան», – նշած է Աշտարակի հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժնի վարիչը:

Նշենք նաեւ, որ երկու այլ վիրաւոր նոյնպէս գիւղացիներու սեփական միջոցներով տեղափոխուած էին «Արմենիա» հանրապետական բժշկական կեդրոն, եւ անոնցմէ մէկուն կեանքը փրկել հնարաւոր չէ եղած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment