Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովը

Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովը

by MassisPost

Սեպտեմբեր 18-20-ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը` «փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն  եւ պատասխանատուութիւն»  խորագրին տակ:

Համաժողովին հրաւիրուած են մասնակցելու համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ, հասարակական-քաղաքական դէմքեր, մշակութային գործիչներ, բարերարներ, մամուլի  ներկայացուցիչներ եւ տարբեր համայնքներու  մէջ  հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ:

Համաժողովի ընթացքին  նախատեսուած են  քննարկումներ` Արցախի հարցի, մայրենի լեզուի, սփիւռքահայ երիտասարդութեան,  սփիւռքի տնտեսական ներդրումներու,  զբօսաշրջութեան զարգացման  եւ այլ համազգային կարեւորութիւն  ներկայացնող  հարցերու վերաբերեալ:

Նախորդ հինգ համագումարներու ընթացքին եւս քննարկուած են նոյնանման հարցեր, եւ որոնց շուրջ ընդունուած են յայտարարութիւններ: Սակայն, տիրող կարծիքը այն է որ, այս համագումարներու եզրակացութիւնները մնացած են թուղթի վրայ, առանց գործնական քայլեր առնելու, զանոնք  գոնէ որոշ չափով իրականացնելու ուղղութեամբ:

Այս` 6-րդ Համագումարը  որքանով պիտի տարբերի նախորդներէն, պիտի գայ ցոյց տալու ժամանակը:  Նման համագումարները իրենց նպատակին կը ծառայեն, այն պարագային երբ քննարկումներու արդիւնքով յառաջացած միտքերը կը  վերածուին ծրագիրներու, որոնց իրականացումը եւ հետապնդումը կը կատարուի պետական մակարդակով, սփիւռքեան կառոյցներուն  եւ մասնագէտներուն տալով յատուկ պարտականութիւններ:

Համաժողովի ընթացքին նախատեսուած  օրակարգերը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ազգի բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն համար: Սակայն, ներառուած չէ  խիստ կարեւոր մէկ այլ հարց, որ կը վերաբերի արտագաղթի տակաւ շարունակուող ու ցաւալի երեւոյթին: Հայրենիքի գոյութիւնը պայմանաւորուած է  իր ժողովուրդով, իսկ անոր ապահովութիւնը` թուաքանակով:

Ժամանակն է որ, Հայաստան-Սփիւռք  համաժողովը անդրադառնայ նաեւ այս հարցին եւ որոշումներ առնէ  մեր ժողովուրդը իր հողին ու հայրենիքին կառչած  պահելու ուղղութեամբ:

Կան  բոլոր տուեալները որպէսզի  Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը դառնայ անկիւնադարձային: Այդ նպատակին հասնելու համար պէտք է ցուցաբերել նոր մօտեցում:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment