Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը Հերքէ Ատրպէյճանի ՊՆ եւ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը Հերքէ Ատրպէյճանի ՊՆ եւ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը

by MassisPost

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններու համատեղ յայտարարութիւնը, թէ երէկ ամբողջ օրուայ ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները գնդակոծած են ատրպէյճանական մարտական դիրքերը, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակավայրերը։

«Հայաստանի զինուած ուժերը սահմանի ողջ երկայնքով որեւէ գործողութիւն չեն իրականացրել եւ նոյնիսկ մէկ կրակոց չեն արձակել։ Աւելին. ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի նման մշտական գործելաոճի, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը երբեք եւ որեւէ պարագայում նշանառութեան տակ չեն վերցնում խաղաղ բնակավայրերը, եւ պնդումները դրանք գնդակոծելու վերաբերեալ պարզունակ ապատեղեկատուութիւն են, կամ՝ ատրպէյճանական կողմի ապագայ սադրանքների համար տեղեկատուական նախապատրաստութեան փորձ», – ըսուած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որ որեւէ սադրանքի պարագային հայկական կողմը պիտի դիմէ պատասխան կոշտ գործողութիւններու, եւ «կոչ կ’ուղղէ զերծ մնալ նոր արկածախնդրութիւններէ, որոնք կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ ողջ տարածաշրջանի համար»։

«Սին մեղադրանքների գործելաոճից խուսափելու լաւագոյն տարբերակը 1994-1995թթ. զինադադարի համաձայնագրերի անվերապահ կատարումն է, Նախագահների մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի թիմի կարողութիւնների աւելացումն ու միջադէպերի հետաքննութեան մեխանիզմի ներդրումը», – նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment