Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի վերընտրութեան առթիւ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յղած է հետեւեալ շնորհաւորական նամակը.
Մեծարգոյ Պարոն Նախագահ,
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ` Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու բարեբաստիկ առիթով:
Հերոսական Արցախի համար այս ճակատագրական հանգրուանին, Ձեր նման նուիրեալ, կորովի եւ իմաստուն ղեկավարի մը` հանրապետութեան նախագահի պարտականութիւններու վերստանձնումը մենք կ’ողջունենք եւ հաւատացած ենք, որ ձեր ղեկավարութեան ներքոյ, Արցախը պիտի շարունակէ յաղթահարել իր դէմ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները, միշտ իր թիկունքին ունենալով համայն հայութեան նեցուկը:
Այս առիթով, կը մաղթենք Ձեզ քաջառողջութիւն, ոյժ եւ անսպառ եռանդ` Ձեր բարձր առաքելութեան իրականացման ճանապարհին:
ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն