Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսական Բանտը Գտնուող Հրաչեայ Յարութիւնեան Տեղափոխուեցաւ Հայաստան

Ռուսական Բանտը Գտնուող Հրաչեայ Յարութիւնեան Տեղափոխուեցաւ Հայաստան

by MassisPost

Հրաչեայ Յարութիւնեան չորս տարի ռուսական բանտին մէջ անցընելէ ետք այս տարուայ 20 Յուլիսին տեղափոխուած է Հայաստան՝ պատիժի մնացած մասն այստեղ կրելու համար:

Ըստ Արդարադատութեան նախարարութեան, դատապարտեալի փոխանցումէն ետք, ըստ Դատապարտեալներու փոխանցման մասին եւրոպական համաձայնագրին, օտարերկրեայ պետութեան կայացուցած դատավճիռը պէտք է ճանչցուի Հայաստանի դատարանին կողմէ՝ կատարելով քրէօրէն պատժելի արարքի համապատասխանեցում ՀՀ քրէական օրէնսգիրքին՝ անփոփոխ ձգելով սահմանուած պատիժը:

Նախարարութիւնը նշած է նաեւ, որ Ռուսիոյ դատարանի դատավճիռը ճանչնալէ եւ այն կատարման ուղարկելէ ետք պատիժը կատարելու համար ուղղիչ հիմնարկին տեսակը եւ պատիժը կրելու վայրը կ’որոշէ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական վարչութեան տեղաբաշխման յանձնաժողովը:

Յիշեցնենք, Թրոիցքի շրջանի դատարանը 2014 թուականի Օգոստոսին Յարութիւնեանը 6 տարի 9 ամսուայ ազատազրկման դատապարտած էր մերձմոսկովեան Փոտոլսք քաղաքի մօտակայքը տեղի ունեցած վթարէն ետք, որու հետեւանքով 18 անձ զոհուած, տասնեակներ վիրաւորուած էին։

Ըստ քննութեան, Յարութիւնեանի վարած բեռնատարը պատշաճ ձեւով չէ սպասարկուած, արգելակները խնդիր ունեցած են, որուն մասին ան պարտաւոր էր իմանալ։

Յարութիւնեանի հարազատները արդէն քանի մը տարի է, որ կը պայքարէին, որպէսզի ան պատիժը շարունակէր կրել Հայաստանի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment