Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրք Դատախազ. «Եթէ Յեղաշրջումը Յաջողէր, Թուրքիոյ Արեւելեան Կողմը Հայկական Պետութիւն Պիտի Ստեղծուէր»

Թուրք Դատախազ. «Եթէ Յեղաշրջումը Յաջողէր, Թուրքիոյ Արեւելեան Կողմը Հայկական Պետութիւն Պիտի Ստեղծուէր»

by MassisPost

Թուրքիոյ նախկին ռազմական դատախազ Ահմէթ Զեքի Ուչոք անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչ կրնար տեղի ունենալ, եթէ 2016թ. Յուլիսի 15-ի յեղաշրջման փորձը չձախողէր: Թրքական իշխանամէտ «Yeni Akit» թերթի կայքի տեղեկացմամբ, Ուչոք կարծիք յայտնած է, որ այդ պարագային Թուրքիոյ մէջ արիւնահեղութիւն տեղի պիտի ունենար:

Թուրք դատախազի խօսքով, եթէ յեղաշրջումը յաջողութեամբ աւարտէր, Թուրքիա պիտի մասնատուէր. երկրի հարաւ-արեւելքը  քրտական, իսկ արեւելքը՝ հայկական պետութիւններ պիտի ստեղծուէին: Միեւնոյն ժամանակ, Ուչոք տեսակէտ յայտնած է, թէ այդ պարագային Թուրքիա նոյնպէս պիտի անցնէր ԱՄՆ-ի մանդատին տակ:

Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող Կիւլէնական համայնքի (FETÖ) անդամներուն դէմ առաջին հետաքննութիւնը յարուցած դատախազը մասնաւորապէս նշած է.

«Թուրքիա պիտի մասնատուէր, յետոյ երկրին մէջ մեծ կոտորածներ պիտի սկսէին: Անոնք ոչ թէ դատարանին առջեւ պիտի կանգնեցնէին, այլ նոյն յեղաշրջման ընթացքին ուղղակի պիտի սպանէին բոլոր անոնք, զորս ընդդիմադիր պիտի համարէին: Իսկ յեղաշրջումէն ետք իշխանութեան եկած նոր դէմքերը անկասկած պիտի ըլլային այն երկիրներու դրածոները, որոնց հետախուզական կառոյցներուն հետ անոնք կապուած են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment