Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Էրտողան Թրամբի Հետ Քննարկած է ԱՄՆ-ի Կողմէ Հետախուզման Մէջ Յայտարարուած իր Թիկնազօր Անդամներու Հարցը

Էրտողան Թրամբի Հետ Քննարկած է ԱՄՆ-ի Կողմէ Հետախուզման Մէջ Յայտարարուած իր Թիկնազօր Անդամներու Հարցը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին խօսած է Ուաշինկթընի մէջ իր թիկնազօրի սկսած ծեծկռտուքի մասին: Այս մասին կը  յայտնէ թրքական «Սապահ»-ը:

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նահանգային գրասենեակներու ղեկավարներու հետ հանդիպման ժամանակ Էրտողանը մանրամասներ յայտնած է հեռախօսազրոյցէն: Ան նշած է, որ Թրամբի հետ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եղած է նաեւ Ամերիկայի մէջ հետախուզման մէջ յայտարարուած իր թիկնազօրի անդամներու հարցը: Թուրքիոյ նախագահը  այս հարցի վերաբերեալ Թրամբի միջամտութիւնը խնդրած է: Վերջինս ալ Էրտողանին հաւաստիացուցած է, որ անձամբ կը զբաղուի այդ հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment