Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Զէնք Չվաճառել Թուրքիոյ» – 36 Գոնկրեսականներու Նամակը՝ ԱՄՆ Պետքարտուղարին

«Զէնք Չվաճառել Թուրքիոյ» – 36 Գոնկրեսականներու Նամակը՝ ԱՄՆ Պետքարտուղարին

by MassisPost

30 Յունիսին 36 գոնկրեսականներ ԱՄՆ պետքարտուղար Ռեքս Թիլըրսընին երկկուսակցական նամակ ուղարկեցին, որ առաջնորդած էր Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ գոնկրեսական Տէյվ Թրաթը (հանրապետական, Միչիկըն)՝ դէմ արտայայտուելով Թուրքիոյ նախատեսուող զէնքի վաճառքին՝ հաշուի առնելով խաղաղ ցուցարարներու դէմ Թուրքիոյ անվտանգութեան ծառայախումբի դաժան յարձակումները ԱՄՆ մայրաքաղաքին մէջ, կը հաղորդէ Ամերիկայի հայկական համագումարը (Համագումար):

«Այստեղ, ԱՄՆ հողին վրայ, ականատես եղանք նախագահ Էրտողանի կողմէ ժողովրդավարութեան նկատմամբ ակնյայտ անյարգալից վերաբերմունքի, երբ անոր հրոսակները դաժանաբար յարձակեցան խաղաղ ցուցարարներուն վրայ: Որպէս ամբողջ աշխարհի մէջ ազատութեան եւ անկախութեան տիպար՝ ԱՄՆ չի կրնար թողտուութիւն տալ ժողովրդավարութեան այդպիսի բացայայտ ճնշման հետ, եւ այս առաջարկուած սպառազինութիւններու գործարքը կը նշանակէ ոչ այլ ինչ, քան Էրտողանի հրոսակներու դաժան յարձակման սատարում: Պէտք է դիմակազերծենք եւ պատասխանատուութեան ենթարկենք նախագահ Էրտողանը եւ անոր թիկնապահները, որպէս ա հրոսակներ», – յայտարարած է գոնկրեսական Թրաթը:

Անցեալ ամիս Էրտողանի թիկնապահները Ուաշինկթընի մէջ դաժանօրէն յարձակած էին խաղաղ ցուցարարներու վրայ, մինչ նախագահ Էրտողան մի քանի քայլ հեռու հետեւած էր, թէ ինչպէս իր անվտանգութեան ծառայախումբի զինուած անդամները դաժան յարձակում կը սանձազերծեն ընդդէմ խաղաղ ցուցարարներուն եւ Ամերիկեան դիւանագիտական անվտանգութեան աշխատակիցներուն, որու հետեւանքով վերջիններուս լուրջ վնասուածքներ հասած էին:

6 Յունիսին Ներկայացուցիչներու պալատը միաձայն ընդունեց Ներկայացուցիչներու պալատի 354 բանաձեւը, որ կը դատապարտէ 16 մայիսին Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրի դիմաց խաղաղ ցուցարարներու դէմ բռնութիւնը եւ կոչ կ’ընէ օրինազանցները պատասխանատուութեան ենթարկել ԱՄՆ օրէնսդրութեան համաձայն:

«Այլեւս չենք կրնար թոյլ տալ, որ Թուրքիան վարկաբեկէ մեր ժողովրդավարական արժէքները, եւ այդ առաջարկուած զէնքի վաճառքը ոչ այլ ինչ է, քան Էրտողանի անվտանգութեան ուժերու գործողութիւններու սատարում: Այսպիսով, կը յորդորենք ձեզ դէմ արտայայտուիլ այս առաջարկուած վաճառքին ե», – նամակին մէջ յայտարարած էին գոնկրեսականները:

Պետքարտուղարութիւնը Գոնկրեսին տեղեկացուցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահի անվտանգութեան վարչութիւն զէնքի ներմուծմամբ լիազօրուած, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ վերահսկուող կառոյցին կիսաինքնաշխատ ատրճանակներու եւ զինամթերքի առաջարկուած վաճառքի մասին:

Այս ամսուան սկիզբը, ԱՄՆ Վարչակազմի պիւտճէի վերաբերեալ Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լսումներու ժամանակ գոնկրեսական Տէյվիտ Սիսիլինի (դեմոկրատ, Ռոտ Այլընտ) հարցադրման ի պատասխան՝ պետքարտուղար Թիլըրսըն նշած է, որ հարցը, թէ արդեօք ԱՄՆ զէնք կը վաճառէ այս յարձակումը իրագործած նոյն անվտանգութեան ուժերուն թէ ոչ, ներկայիս գնահատման փուլի մէջ է:

«Շնորհակալ ենք գոնկրեսական Թրոթին եւ անոր գործընկերներուն այս նախաձեռնութեան եւ ամերիկեան արժէքներու համար պայքարելու համար, հաշուի առնելով այսպիսի բացայայտ անյարգալից վերաբերմունքը մեր նուիրական իրաւունքներու նկատմամբ», – յայտարարած է Համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment