Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քննարկուած են Հիւսիսաթլանթեան Դաշինքի Հետ Հայաստանի Հանրապետութեան Համագործակցութեան Ծրագիրները

Քննարկուած են Հիւսիսաթլանթեան Դաշինքի Հետ Հայաստանի Հանրապետութեան Համագործակցութեան Ծրագիրները

by MassisPost

29 Յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է Աֆղանստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարած «Վճռական աջակցութիւն» գործողութեան մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու նիստին։

Նիստի ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը հանդէս եկած է ելոյթով՝ իր գործընկերներուն ներկայացնելով Աֆղանստանի մէջ, եւ ընդհանրապէս լայն տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման Հայաստանի Հանրապետութեան մօտեցումներն ու տեսլականը, ինչպէս նաեւ առաջարկած է որոշակի լուծումներ՝ առկայ խնդիրներու պաշտպանական բաղադրիչի ծիրէն ներս։ Նիստի հիմնական արդիւնքները լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Հանս Սթոլթընպըրկը։

Նիստի աւարտէն ետք ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթմիոլլըրի հետ երկկողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան համագործակցութեան ընթացքն ու ապագայ ծրագիրները։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ընդհանուր ու տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն, ներկայացուած է Հայաստանի մէջ ընթացող պաշտպանական բարեփոխումներու շրջանակը, տեսակէտներ փոխանակուած են անոնց իրականացման գործին մէջ ՆԱԹՕ-ի օժանդակութեան հնարաւորութիւններու ու ձեւաչափի վերաբերեալ։

Պրիւքսէլ կատարած այցի ծիրէն ներս ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը հանդիպած է նաեւ Եւրոպական Միութեան ռազմական կոմիտէի նախագահ, բանակի զօրավար Միխաիլ Քոսթարաքոսի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան ռազմական օղակներու միջեւ համագործակցութեան հաստատման հնարաւորութիւնն ու հեռանկարները։

Քաղաքացիական հասարակութեան հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը Քարնեկի հիմնադրամի եւրոպական մասնաճիւղին մէջ հանդիպում ունեցած է շարք մը միջազգային հետազօտական կեդրոններու փորձագիտական անձնակազմի հետ։ Քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է փորձագէտներու հնչեցուցած հարցերուն, ինչպէս նաեւ ծանօթացած անոնց կողմէ իրականացուած վերջին հետազօտութիւններու ու վերլուծութիւններու արդիւնքներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment