Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Առանց ԼՂ-ի Մասնակցութեան Որեւէ Պայմանագիր Չի Ստորագրուիր

Առանց ԼՂ-ի Մասնակցութեան Որեւէ Պայմանագիր Չի Ստորագրուիր

by MassisPost

Էտուարտ Նալպանտեանը երէկ Ագգային Ժողովին մէջ մասնակցած է 2016 թուականի պիւտճէի կատարողականի քննարկումներուն:

Հնարաւոր է, որ Յուլիսին տեղի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում: Այսօր խորհրդարանին մէջ, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը:

Արտաքին գործոց նախարարը Ագգային Ժողովին մէջ կը մասնակցէր 2016 թուականի պիւտճէի կատարողականի քննարկումներուն:

Յիշեցնելով, որ իշխող Հանրապետականի իշխանութեան օրօք Լեռնային Ղարաբաղը դուրս մնաց բանակցային գործընթացէն, «Ծառուկեան» խմբակցութենէն Արարատ Զուրապեանը արտաքին գործոց նախարարին հարց ուղղած է՝ արդեօ՞ք ջանքեր կը գործադրուին՝ Ղարաբաղը դարձեալ բանակցային կողմ դարձնելու համար:

Էտուարտ Նալպանտեանը պատասխանած է՝ բանակցուող բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ նշուած է, որ վերջնական համաձայնութիւն չի կրնար ըլլալ առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան։ «Ողջ պատասխանատուութեամբ եմ ասում՝ բոլոր աշխատանքային փաստաթղթերում, որոնք պահւում են Վիեննայում ԵԱՀԿ գլխաւոր գրասենեակում, ինչ որ առաջարկուել է եռանախագահների կողմից եւ ինչ որ բանակցուել ու տեղ է գտել այդ փաստաթղթերում, բոլորի մէջ ասուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները պէտք է մասնակցեն խաղաղութեան բուն պայմանագրի մշակմանը եւ բանակցութիւններին՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ եռանախագահող երկրների միջնորդութեամբ:

Սա յստակ ֆիքսուած է, առանց դրա որեւէ պայմանագիր չի կնքուի, անհնար է առանց Ղարաբաղի որեւէ համաձայնութեան գալ»,- ըսած է Նալպանտեան, աւելցնելով, որ Վիեննայի մէջ պահուող՝ դեռեւս գաղտնի համարուող այդ փաստաթուղթերը օր մը կը հրապարակուին:

Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը արձագանգած է Հանրապետականի վերաբերեալ Արարատ Զուրապեանի ակնարկին: «ՀՀԿ-ն ուղղակի պատասխանատու է բանակցութիւններու համար 2008 թուականից: Կարծում եմ՝ որպէս հարցի գիտակ, մենք իրար շատ լաւ հասկացանք»:

«Ծառուկեան» խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաճեանն ալ հետեւեալ հարցը ուղղած է արտաքին գործոց նախարարին՝ յատկապէս ապրիլեան իրադարձութիւններէն ետք, որքանո՞վ  արդիւնաւէտ աշխատած են տարբեր երկիրներու եւ  միջազգային կառոյցներու մէջ Հայաստանի շուրջ 6 տասնեակ ներկայացուցչութիւնները: Ի պատասխան, Էտուարտ Նալպանտեանը վստահեցուցած է՝ դեսպանութիւններն ու Հայաստանի ներկայացուցիչները արդիւնաւէտ կը գործեն:

«Ապրիլեան դէպքերից յետոյ ինչ եղել է, դուք կարծում էք՝ օդի՞ց է եղել: Որ Վիեննայի եւ Սանկթ Փեթերպուրկի գագաթնաժողովների ժամանակ այն որոշումները, որոնք ընդունուեցին, դրանք լրիւ համահունչ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ասածին մինչ այդ որոշումների ընդունումը, կարծում էք դա օդի՞ց է լինում: Ոչ, դա համապատասխան աշխատանքի արդիւնք է»,- ըսած է Էտուարտ Նալպանտեանը:

2016 թուականի 16 Մայիսին Վիեննայի մէջ կայացած գագաթնաժողովին համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր շփման գիծին մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրման, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւններու աւելացման շուրջ: Քիչ աւելի ուշ այդ համաձայնութիւնները վերահաստատուած էին նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովին: Այդուհանդերձ, շփման գիծին հրադադարի ռեժիմի խախտումները շարունակուած են, ինչի համար հայկական կողմը բազմիցս մեղադրած է Պաքուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment