Հնչակեան Կուսակցութիւնը ամէն տարի նուիրական պարտք կը համարէ Յունիս ամսուան ընթացքին ոգեկոչել եւ ուխտել մեր պատուական Նահատակներու գաղափարախօսութիւնը շարունակելու մինչեւ անոնց հետապնդած արդար դատի յաղթանակը:
Այս տարի, Փասատինայի Ս.Դ.Հ.Կ -Փարամազ մասնաճիւղի վարչութիւնը Հնչակեան քսան կախաղաններու 102-րդ տարելիցին առթիւ, կազմակերպած էր ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 25 Յունիս,2017, Փասատինայի Մեծ Եղեռնի Նահատակներու յուշարձանին մօտ:
Փասատինայի «Memorial Park» զբօսայգին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու 1915-ի Յունիսի 15-ին զոհուած քսան Հնչակեան Նահատակներու յիշատակին եկած ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ մարմնի անդամները, «Փարամազ» մասնաճիւղի վարչականներ եւ անդամներ, «Կայծ» երիտասարդական Միութեան եւ ՀՄ.Մ.-ի ներկայացուցիչներ, Սապահ-Գիւլ եւ Արսէն Կիտուր մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ:
Ս.Դ.Հ.Կ. Փարամազ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Լենա Մանուկեան, կազմակերպիչ մարմնի անունով ելոյթ ունենալով յայտնեց «…1915 Յունիս 15-ը անձնուրացութեան եւ քաջութեան օր էր, երբ 20 խիզախ Հնչակեաններ իրենց տեսլականով, կառչած մնալով իրենց գաղափարին, անվախ եւ անարցունք, իմացեալ մահով կախաղան բարձրացան: Քսանները` մեր պատմութեան անքակտելի ասպետներն են: Անոնց հզօր տեսլականով մենք ունեցանք ազատ ու անկախ Հայաստան, Հզօր Արցախ եւ յաղթական բանակ»:
Իր ելոյթին մէջ` Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ մարմնի անդամ ընկ. Սուրէն Խուտանեան քսաններու Նահատակութեան հարցին մօտեցաւ պատմա-փիլիսոփայական տեսանկիւնէն եւ մեկնաբանեց Օսմանեան կայսրութեան գազանային չարիքները, որոնց հետեւանքն էր ցեղասպանութիւնն ու քսաններու Նահատակութիւնը: Հնչակեան ղեկավարութիւնը` իրեն յայտնի 7-րդ համագումարով, որոշած էր ահռելի չարիքը գլխատել աւաղ, բացայայտուեցաւ դաւաճան եւ զիրենք մատնելով խափանեց վիշապի գլխատումը:
Ընկ. Սուրէն Խուտանեան քսան անմահներէն Փարամազի արտասանած պաշտպանական ճառին մասին, արտայայտուելով դրուատեց անոր խորիմաստ մտածումները եւ յարեց.- «…Լուսաւոր Փարոսի պէս, ան կրնայ նաւաբեկումներու ենթարկուած նաւաստիին ուղղութիւն տալ: Արցախեան հարց կուզենք լուծել` ապաւինինք այդ Փարոսի լոյսին»:
Ապա իր խօսքը եզրակացուց Փարամազի ելոյթէն մէջբերելով հետեւեալը.-
«Հոն ուր կախաղաններն են ճոճում` ազատութիւնն է ման գալիս»:
«Հոն ուր մեռելներն են ննջում` յարութիւնն է մօտալուտ»:
«Կայծ» Երիտասարդաց միութեան անունով սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ալիսըն Թաւուքճեան-Ղաֆարին: Իսկ քսաններու նուիրուած Վահան Թէքէեանի բանասեղծութիւնը կարդաց Անի Մարսելեան:
Այնուհետեւ ներկաները ծաղկեպսակի եւ մեխակներու զետեղում կատարեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ : Սոյն տպաւորիչ հաւաքն աւարտեցաւ Հնչակեան ուխտի «Տուր Ձեռքդ Ընկեր» երգով: