Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Սարգսեան Վստահեցուց որ Նոր Շրջափուլը Կանցնի Հնարաւորինս Անցնցում

Նախագահ Սարգսեան Վստահեցուց որ Նոր Շրջափուլը Կանցնի Հնարաւորինս Անցնցում

by MassisPost

«Կառավարութիւնը նոր շրջափուլ է սկսել, որը պէտք է անցնի հնարաւորինս անցնցում»: Երէկ, բանալով գործադիրի նիստը, այս մասին յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը, իր ելոյթի ընթացքին, սակայն, այդպէս ալ չյստակեցնելով, թէ ինչ հնարաւոր ցնցումներէ կը զգուշանայ իշխանութիւնը։ «Կառավարութեան ծրագրի հաստատմամբ կարող ենք ազդարարել գործադիր իշխանութեան նոր շրջափուլի մեկնարկը: Մեր խնդիրն է՝ այդ շրջափուլն անցկացնել արդիւնաւէտ եւ հնարաւորինս անցնցում»,- ըսած է նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ կառավարութեան ծրագիրի հաստատումէն ետք, առաջին անգամն կը մասնակցէր գործադիրի նիստին, եւս մէկ անգամ յայտարարած է՝ իշխող Հանրապետականը ամբողջութեամբ կը սատարէ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին։ «Մենք ձեւաւորել ենք մի կառավարութիւն, որը, վստահ եմ, ունակ է լուծելու իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները»,- ըսած է Սարգսեան ու շարունակած․ «Կառավարութեան ներկայիս կազմը՝ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, կը վայելէ իմ եւ մեր ամբողջ քաղաքական թիմի լիակատար վստահութիւնը»:

Վարչապետին ու կառավարութեան անդամներուն նախագահը յորդորած է չզլանալ՝ զրուցել քաղաքացիներու հետ, աշխատանքի մէջ ալ ըլլալ  հնարաւորինս թափանցիկ․ «Թափանցիկութիւնն ինքնանպատակ չէ եւ, անշուշտ, ինքնադրսեւորման միջոց չէ: Թափանցիկութեան հիմնական նպատակն է կաշառակերութեան եւ հովանաւորչութեան վերացումը: Պետական ծախսերի, գնումների համակարգը պէտք է լինի ամբողջովին վերահսկելի ինչպէս խորհրդարանի, այնպէս էլ մեր ողջ հասարակութեան համար»:

Գործադիրէն թափանցիկութիւն ակնկալող Սերժ Սարգսեանը երէկ չբացայայտեց, թէ ինչ դեր վերապահուած  է իրեն «այս շրջափուլի» աւարտին՝ 2018 թ․ Ապրիլէն ետք: Սարգսեանը, սակայն, կառավարութենէն պահանջած է նշուած ժամկէտին մէջ աւարտին հասցնել ծրագրուած աշխատանքները: «Մինչեւ միւս տարուայ ապրիլի կէսը պէտք է կատարենք բազմաթիւ օրէնսդրական փոփոխութիւններ: Այդ աշխատանքը յաջողութեամբ առաջ տանելու համար անհրաժեշտ է գործել նպատակասլաց եւ սերտօրէն համադրել կառավարութեան ու Ազգային ժողովի քայլերը»,- ըսած է Սերժ Սարգսեանը:

Խօսելով հեռանկարային ծրագիրներու մասին, 2018–ի  ապրիլէն լիազօրութիւնները վար դնող Սերժ Սարգսեանը յայտարարած է նաեւ, թէ իշխանութիւնները պատրաստ են համագործակցիլ կառուցողական դաշտի մէջ գործող բոլոր քաղաքական ուժերու հետ։ «Նման համագործակցութեան համար մեր կողմից միակ նախապայմանն է քաղաքավարութեան եւ բարեկրթութեան նորմերի պահպանումը: Ընդ որում ընդգծեմ, որ քննադատութիւնը նշածս նորմերի խախտում չենք համարում, յատկապէս, եթէ այն կառուցողական է եւ նպատակ ունի բարելաւելու իրավիճակը»,- նշած է նախագահը:

Անոր  խօսքին արձագանգած է միայն վարչապետը, ըսելով․ «Մենք հասկանում ենք, որ այդ ճանապարհը հեշտ չի լինելու, բայց մենք շատ վճռական ենք տրամադրուած եւ բոլոր նախատեսուած ծրագրերն իրագործելու ենք»: Սերժ Սարգսեան անպատասխան չթողեց Կարապետեանի յայտարարութիւնը․ «Պարոն վարչապետ, եթէ հեշտ լինէր, մինչեւ հիմա ամբողջն արած պրծած կը լինէինք, բոլորս դա գիտակցում ենք»:

Երբ Սարգսեանը արդէն կը հեռանար, վարչապետը անձամբ անոր ուղեկցած է մինչեւ ծառայողական մեքենան: Լրագրողներու հարցին ալ՝ 2018-էն ետք ի՞նք պիտի ըլլայ վարչապետը, Կարապետեանը չէ արձագանգած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment