Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հետեւիլ Գանատայի Օրինակին

Հետեւիլ Գանատայի Օրինակին

by MassisPost

Ամերիկեան  Ծերակոյտէն ներս քննարկուող առողջապահութեան նոր օրինագիծի քուէարկութիւնը վերջին պահուն  յետաձգուեցաւ Հանրապետական մեծամասնութենէն ներս  յառաջացած տարակարծութիւններուն, ինչպէս նաեւ ժողովրդային բողոքի լայն ալիքին պատճառաւ:

Անցեալ Նոյեմբերի ընտրութիւններու լոյսին տակ, Գոնկրէսի երկու պալատները եւ Սպիտակ Տունը գրաւելէ  ետք, Հանրապետական կուսակցութիւնը, գլխաւորութեամբ նախագահ Թրամփի, կը ձգտի հիմնական փոփոխութեան ենթարկել Օպամայի օրով գործադրութեան դրուած օրէնքը, որու արդիւնքով միլիոնաւոր ամերիկացիներ առաջին անգամ ըլլալով առիթ ունեցան ապահովագրութիւն ձեռք ձգելու: Այժմ որ եկած են իշխանութեան, հանրապետականները դարձեալ պատերազմ յայտարարած են ժողովուրդի առողջապահութեան դէմ եւ կը փորձեն պատմութեան անիւը ետ դարձնելով,  միլիոնաւոր ամերիկացիներ զրկել ապահովագրութենէ ու նաեւ ազատելու  ապահովագրական ընկերութիւնները` առանց խտրականութեան բոլորին ապահովագրելու տրամադրելու պարտաւորութենէն, անկախ անոնց մօտ յայտնուած հիւանդութիւններէն:

Դեմոկրատ կուսակցութիւնը ներկայիս գրեթէ  չունենալով որեւէ ազդեցութիւն Գոնկրէսէն ներս կատարուող  գործընթացներուն վրայ, կը փորձէ  հանրային կարծիքը զօրաշարժի ենթարկելով պաշտպանել նախագահ Օպամայի գլխաւոր նուաճումներէն  մէկը հանդիսացող` առողջապահութեան ծրագիրը:

Գոնկրէսի կից  գործող պիւտճէտային անկախ   գրասենեակը ուսումնասիրելէ ետք հանրապետականներու ծրագիրը, հրապարակեց իր եզրակացութիւնը, ըստ որուն,  յառաջիկայ տասը տարիներուն  22-24 միլիոն քաղաքացիներ պիտի կորսնցնեն իրենց ապահովագրութիւնը, որու դիմաց պետութիւնը պիտի խնայէ 775 միլիառ տոլար:

Հարուստներու եւ մեծ ընկերութիւններու շահերու պաշտպան նկատուող  հանրապետականները կը պատրաստուին այդ գումարները յատկացնել ոչ թէ ընդհանուր ժողովուրդին եւ կամ պետական պարտքի նուազեցման, այլ  յաջորդ քայլով կը միտին հարկերու կրճատում տալ, Թրամփի նման գերհարուստներուն:

Ժամանակը եկած է, որ Ամերիկան հետեւի դրացի Գանատայի եւ զարգացած այլ երկիրներու օրինակին ու  պետական առողջապահութիւն տրամադրէ իր բոլոր քաղաքացիներուն:

«ՄԱՍԻՍ » 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment