Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանէն Արտագաղթածներու Սեփական Հողերը Հարկադիր կը Վաճառուին

Հայաստանէն Արտագաղթածներու Սեփական Հողերը Հարկադիր կը Վաճառուին

by MassisPost

Փաստ» օրաթերթը կը գրէ, որ՝ հակառակ անոր, որ ԱԺ 6–րդ գումարման խորհրդարանի մեկնարկի ելոյթին Սերժ Սարգսեանը, անդրադառնալով արտագաղթի խնդիրին, յայտարարեց, որ «յառաջիկայ տասնամեակների համար մեր գերխնդիրը պէտք է լինի… արտագաղթածների վերադարձի նախապայմանների ստեղծումը», կառավարութիւնը որոշած է դիւրացնել Հայաստանէն արտագաղթածներէն սեփական հողերը վերցնելու գործընթացը: Խօսքը այն անձերուն  մասին է, որոնք հրաժարած են ՀՀ քաղաքացիութենէն:

Այսպէս՝ ՀՀ քաղաքացիութենէն հրաժարած հայերը կը զրկուին իրենց սեփական գիւղատնտեսական հողերէն, եթէ անոնք չվաճառեն 1 տարուայ ընթացքին: Հակառակ պարագային հողերու հարկադիր աճուրդի հարցով, օրինագիծի ընդունման պարագային, կը զբաղուին համայնքապետերը:

Այլ հարց է, այս փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս պիտի հասնի, ըսենք, Ռուսաստանի Չուկոտկայի գիւղերէն մէկը արտագաղթած հայ ընտանիքին եւ ինչպէ՞ս անոնք պիտի տեղեկանան, որ կը կորսնցնեն իրենց սեփականութիւնը: Իսկ եթէ հաշուի առնենք, թէ քանի հայ վերջին տարիներուն յատկապէս մարզերէն հեռացած է Հայաստանէն ու հրաժարած  ՀՀ քաղաքացիութենէն, ապա կարելի է պատկերացնել, թէ հողային ինչ քանակի աճուրդներ կրնան ըլլալ յառաջիկային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment