Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վիգէն Սարգսեան․ Պատերազմի Պարագային Ատրպէյճանական Պետականութիւնը Անուղղելի Հարուած կը Ստանայ

Վիգէն Սարգսեան․ Պատերազմի Պարագային Ատրպէյճանական Պետականութիւնը Անուղղելի Հարուած կը Ստանայ

by MassisPost

Լայնամաշտապ պատերազմի պարագային ատրպէյճանական պետականութիւնը անուղղելի հարուած կը ստանայ, այսօր հրաւիրած ասուլիսին յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը: Ան աւելցուցած է, որ այդ պատճառով գրեթէ վստահ է՝ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը անհնար է:

«Ես գրեթէ համոզուած եմ, որ լայնամասշտապ պատերազմ պէտք է չսկսուի պարզ պատճառով՝ որովհետեւ այդ պատերազմով Ղարաբաղի հարցը չի կարող լուծուել: Չկայ այնպիսի զարգացում պատերազմական գործողութիւնների, որով Ղարաբաղի հարցը կարող է լուծուել Ատրպէյճանի համար օգուտով, եւ ընդհակառակը՝ կայ շատ մեծ ռիսք, որ լայնամասշտապ պատերազմի պարագայում Ատրպէյճանը կարող է ստանալ անուղղելի վնաս՝ ե՛ւ իր տնտեսութեան, ե՛ւ պետութեան համար», – յայտարարած է Վիգէն Սարգսեանը եւ շարունակած. – «Ի դէպ, ես չեմ նուազեցնում այն վտանգները, որ լայնամասշտապ պատերազմը կարող է ունենալ Հայաստանի համար: Բացարձակ մէկը միւսին չի բացառում: Բայց մտածուած գնալ լայնամասշտապ պատերազմի՝ այս իրավիճակում անմտութիւն կը լինէր Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմից»:

Սարգսեանի խօսքով՝ նշուածը, սակայն, չի բացառեր, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պիտի շարունակեն տարբեր սադրանքներու դիմել սահմանին: Մօտ տաս օր առաջ ատրպէյճանական կողմի յարձակման հետեւանքով հայկական Զինուած ուժերը 4 զոհ ունեցան:

«Վերջին տաս օրուայ ընթացքում, արդէն հաստատուած տուեալներով մեր կողմից, ատրպէյճանական կողմը ունի առնուազն հաստատուած 8 զոհ, չհաստատուած թիւը շատ աւելի մեծ է, այսինքն, չհաստատուած ասելով՝ երբ մենք գիտենք, որ պատժիչ գործողութիւնը կատարուել է, կատարուել է արդիւնաւէտ, ունենք դիտարկման արդիւնք, բայց չունենք համապատասխան ապացոյցներ: Այդ 8 զոհից դեռեւս ոչ մէկը յուղարկաւորուած չի մեր տուեալներով, ատրպէյճանական մամուլում որեւէ լուր այդ 8 զոհի մասին մինչ օրս չկայ», – ըսած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Լրագրողներէն մէկը, յիշեցնելով, որ մէկ տարի առաջ Երեւանի մէջ ընդունելով Ռուսաստանի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հրապարակաւ իր դժգոհութիւնը արտայայտած է Ատրպէյճան ռուսական սպառազինութեան մատակարարման կապակցութեամբ, հարցուցած է՝ «կարո՞ղ ենք ասել, որ Ռուսաստանը պարզապէս անտեսում է Հայաստանի դժգոհութիւնը»: Պատասխանը հակիրճ եղած է. – «Ոչ, այդպէս չէք կարող ասել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment