Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵԽԽՎ-ի Մէջ Քննարկուած է Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Կիրառելու Հնարաւորութիւնը

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Քննարկուած է Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Կիրառելու Հնարաւորութիւնը

by MassisPost

Սթրասպուրկի մէջ ԵԽԽՎ նստաշրջանի շրջանակէն ներս «Եւրոպայի խորհուրդին մէջ ԶԼՄ-ներու նկատմամբ ճնշումները, առեւանգում սահմանի միջոցով» թեմայով քննարկումներ տեղի ունեցած են: Այս մասին կը յայտնէ ատրպէյճանական «turan.az»-ը:

«Ամերիկայի ձայն»-ի հետ զրոյցի ժամանակ «Լրագրողներու ազատութեան եւ անվտանգութեան հիմնարկի» գործադիր տնօրէն Էմին Հուսէյնովի խօսքով` քննարկումը հիմնական ընթացած է Ատրպէյճանի մէջ ազատ մամուլի նկատմամբ իրականացող ճնշումներու շուրջ:

«Հիմնական քննարկուած են քրէակատարողական հիմնարկին մէջ պլոկըր Մեհման Կալանտարովի սպանութեան եւ Վրաստանի մէջ առեւանգուած, ապա Ատրպէյճան տեղափոխուած լրագրող Աֆղան Մուխտարլըի հետ կապուած հարցեր»,- ըսած է ան:

Քննարկման մասնակցած են մօտ 20 պատգամաւորներ 10 երկիրներէ:

«Հանդիպման մասնակցած են 2 պատգամաւոր Վրաստանի իշխող կուսակցութենէն: Անոնք Աֆղան Մուխտարլըի հետ կատարուածի վերաբերեալ ափսոսանք յայտնած են եւ տեղեկացուցած, որ իրենք կողմ են, որ հետաքննութիւնը արագ պարզէ ամբողջ ճշմարտութիւնը»,- ըսած է Հուսէյնովը:

Ատրպէյճանի տեղեկատուական դաշտին մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ խօսած է «Ատրպէյճանական ժամ» հեռուստածրագիրի հիմնադիր Հանիմատ Զահիտը, որ յայտնած է «Ազատութիւն» եւ Թուրան թերթերու անձնակազմի նկատմամբ իրականացուող ճնշումներու եւ իր նկատմամբ ծրագրուած մահափորձի մասին:

Հանդիպման ժամանակ վրացական կողմէն հանդէս եկած է վրացական «Ռեզոնանսի» թերթի գլխաւոր խմբագիր Լաշա Տուկուշին, որ նշած է, որ Մուխտարլըի առեւանգումը կը հակասէ Վրաստանի՝ Արեւմուտքին համակրուելու գաղափարին:

Հուսէյնովի խօսքով` հանդիպման հիմնական նպատակը եղած է ցոյց տալ, որ անիմաստ է հանդուրժել ատրպէյճանական կառավարութեան գործողութիւնները, քանի որ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Եւրոպական խորհուրդին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններու չկատարուիլը  պէտք է յանգեցնէ ԵԽ-ի կողմէ պատժամիջոցներու կիրառման:

«Մենք ԵԽԽՎ պատգամաւորներու ուշադրութիւնը հրաւիրած ենք այն հանգամանքի վրայ, որ Եւրոխորհրդարանը արդէն ընդունած է բանաձեւ՝ կապուած Ատրպէյճանի մէջ իշխանութիւններու քննադատներու նկատմամբ իրականացուող մարդու հիմնարար ազատութիւններու խախտումներուն վերաբերեալ: Եկած է ժամանակը, որ ԵԽԽՎ-ն նոյնպէս Ատրպէյճանէն պահանջէ կատարել ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ եթէ  Ատրպէյճանը չկատարէ, պէտք է մշակուին պատժամիջոցներու մէքանիզմներ, մինչեւ անգամ քննարկուի այդ երկիրը կազմակերպութենէն հեռացնելու հարցը»,- աւելցուցած է Հուսէյնով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment