Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Յայտարարած է Ամերիկեան Ընկերութիւնները Պատրաստ են 8 Մլրդ Տոլարի Ներդրումներ Կատարել

Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Յայտարարած է Ամերիկեան Ընկերութիւնները Պատրաստ են 8 Մլրդ Տոլարի Ներդրումներ Կատարել

by MassisPost

Ուժանիւթի ոլորտին մէջ 8 միլիառ տոլարի հնարաւոր ներդրումները կ’ըլլան այն պարագային, երբ ուժանիւթի շուկան ամբողջութեամբ ազատ կ’ըլլայ, եւ հնարաւոր կ’ըլլայ ելեկտրական ուժանիւթ արտահանել Վրաստան, Իրան: Այս մասին, երէկ՝ 21 Յունիսին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:

«Հայաստանը մեծ ներուժ ունի վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ եւ ամերիկեան ընկերութիւններու, ներդրողներու ծիրէն ներս մեծ է հետաքրքրութիւնը այս ոլորտի նկատմամբ»,-ընդգծած է ԱՄՆ դեսպանը:

Անոր խօսքով, այս ամիս ՀՀ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի հետ տեղի ունեցած են շարք մը օգտակար հանդիպումներ, որոնց ժամանակ նախարարը ներկայացուցած է երկու ներդրումային ծրագիր. մէկը կը վերաբերի կոշտ թափոններու մշակման միջոցով ուժանիւթի արտադրութեան. «Մենք այդ առաջարկները այժմ կը ներկայացնենք ամերիկեան ներդրողներու ուշադրութեան»:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ 8 միլիառ տոլարի ներդրումային ծրագիրին, դեսպան Միլզը նշած է, որ խօսքը ներուժի, հնարաւոր ներդրումներու մասին է, որ հնարաւոր կ’ըլլայ այն պարագային, երբ ուժանիւթի շուկան ամբողջութեամբ ազատ կ’ըլլայ, եւ հնարաւոր կ’ըլլայ ելեկտրային ուժանիւթ արտահանել Վրաստան, Իրան: Անոր խօսքով, ուժանիւթի ոլորտին մէջ 8 միլիառ տոլարի հնարաւոր ներդրումային ներուժի մասին ցուցանիշը հաշուարկուած է ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ. «Մեր գնահատումները դեսպանութեան մէջ նոյնպէս կը հաստատեն, որ կայ  այդպիսի ներուժ»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment