Այս օրերուն կը նշենք Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 102-րդ տարելիցը: Արդարեւ` 2015 թուականի Յունիսի 15-ին, Պոլսոյ «Պայազիտ» հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացուեցան Կուսակցութեան քսան կարկառուն ղեկավարներ, այն օրերուն երբ Հայ ժողովուրդը կ’անցնէր ցեղասպանութեան արհաւիրքի ընդմէջէն:
Քսանները եղան առաջինը, որոնք կանխատեսեցին հայութեան սպառնացող ճակատագիրը ու թրքական կառավարութեան հրէշային ծրագիրները, որոնք կը միտէին բնաջինջ ընել Արեւմտեան Հայաստանի ողջ բնակչութիւնը ու մեր պատմական բնօրրանը պարպել իր հարազատ ժողովուրդէն:
Քսանները չկարողացան գործադրութեան դնել 1913 թուականի Կուսակցութեան համագումարի որոշումները` ահաբեկելու Երիտասարդ Թուրքերու պարագլուխները: Մատնութեան հետեւանքով անոնք ձերբակալուեցան ու ապա դատապարտուեցան մահապատիժի:
«Դուք մեզ քսաններս կը կախէք, սակայն քսան հազարներ պիտի գան մեր վրէժը լուծելու» պատգամելով, Քսանները անմահացան Հնչակեան շարքերու գիտակցութեան մէջ: Անոնց յիշատակին ձօնուեցան տասնեակ բանաստեղծութիւններ ու երգեր, լոյս տեսան պատմական, քաղաքական ու գեղարուեստական հատորներ` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Վերջին տարիներուն Քսաններու մասին հետաքրքրութիւն յառաջացաւ նաեւ Թուրքիոյ յառաջդիմական շրջանակներուն մօտ: Քսաններու ղեկավար Փարամազի գործերը թարգմանուեցան թրքերէնի, իսկ անոնց նահատակութեան 98-ամեակին առթիւ, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան յիշատակի հանդիսութիւններ:
Հնչակեան Կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, իր ծննդավայր Մեղրիի մէջ կանգնուեցաւ Փարամազի յուշարձանը, սակայն մինչեւ օրս չէ իրականացած մեր շարքերու եւ համակիրներու ցանկութիւնը, Երեւանի փողոցներէն մին կոչելու Քսաններու անունովª հակառակ բազմաթիւ դիմումներու: Ժամանակը եկած է ու նոյնիսկ անցած, որ այդ անուանակոչումը դառնայ իրականութիւն եւ Քսանները ունենան իրենց արժանի տեղը` Հայոց մայրաքաղաքին մէջ:
Նման քայլ մը, ոչ միայն պիտի գայ արժանի յարգանք մատուցելու Հայրենիքի համար զոհուած նահատակներու յիշատակին, այլ նաեւ` նպաստելու Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման, որու մասին կը խօսինք անդադար:
«ՄԱՍԻՍ»