Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տաճիկստանի Նախագահի Պաշտօնական Այցը Հայաստան

Տաճիկստանի Նախագահի Պաշտօնական Այցը Հայաստան

by MassisPost

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պաշտօնական այցով 14 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է Տաճիկստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը:

Ինչպէս տեղեկացուցած են ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, Տաճիկստանի նախագահը առաւօտեան այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ ծաղկեպսակ դրած Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցած Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Նախագահ Ռահմոնը նաեւ եղեւնի տնկած է յուշահամալիրի Յիշողութեան պուրակին մէջ:

Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրին մէջ այնուհետեւ տեղի ունեցած է Տաճիկստանի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք կայացած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Էմոմալի Ռահմոնի առանձնազրոյցը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը ողջունած է հիւրին եւ նշած, որ անոր այցը Հայաստան նաեւ խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ, քանի որ այս տարի Հայաստանը եւ Տաճիկստանը կը տօնեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը:

Հանրապետութեան Նախագահի համոզմամբ, նման այցելութիւնները լաւ հնարաւորութիւն են վերլուծելու, ամփոփելու այն ուղին, որ երկու երկիրները անցեր են 25 տարիներու ընթացքին, միւս կողմէ, իհարկէ, նաեւ միտքեր փոխանակելու երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարի, տարածաշրջանային եւ միջազգային արդի խնդիրներու շուրջ:

Նախագահ Սարգսեանը կարեւորած է Տաճիկստանի նախագահի այցի ծիրէն ներս ստորագրուելիք փաստաթուղթերը, որոնք, ըստ անոր, կը լրացնեն երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը, ինչի անհրաժեշտութիւնը կայ, քանի որ համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը չի համապատասխաներ ոչ հայ եւ տաճիկ ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ոչ ալ երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու մակարդակին:

Հանրապետութեան Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը պատրաստ է ցանկացած ոլորտի մէջ աշխոյժ համագործակցութեան եւ գոհունակութեամբ խօսած է նախագահ Ռահմոնի այցի ծիրէն ներս Երեւանի մէջ կազմակերպուած գործարար համաժողովի ու միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի մասին:

Տաճիկստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Նախագահին հիասքանչ, հնագոյն երկիր՝ Հայաստան, հրաւէրի եւ ջերմ հիւրընկալութեան համար: Նախագահ Ռահմոնը համակարծիք եղած է հայ գործընկերոջ հետ, որ այսօր ստորագրուելիք փաստաթուղթերը լաւ հնարաւորութիւն են բոլոր ոլորտներու մէջ իրաւապայմանագրային դաշտի հիման վրայ զարգացնելու յարաբերութիւնները: Էմոմալի Ռահմոնը փոխգործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւնների շարքին նշած է առեւտուրի, գիւղատնտեսական ապրանքներու արտադրութեան եւ վերամշակման, սննդաարդիւնաբերութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան, հանքարդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, հեռահաղորդակցութեան, գիտութեան եւ կրթութեան, առողջապահութեան ոլորտները: Տաճիկստանի նախագահը ընդգծած է, որ ճիշդ այդ նպատակով իր գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ, որոնք կը մասնակցին երեւանեան գործարար համաժողովին:

Նախագահ Ռահմոնը դրուատանքով խօսած է հայաստանեան գործարար համայնքի մասին՝ նշելով, որ յատկապէս գիւղատնտեսական ապրանքներու վերամշակման ոլորտին մէջ Հայաստանը մեծ յաջողութիւններ ունի, եւ Տաճիկստանի մէջ կ’ուզեն նոյնպիսի հմտութիւններ ձեռք բերել՝ հաշուի առնելով ոլորտի արդի համակարգերը եւ նորարարութիւնները:

Տաճիկստանի նախագահի պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Նախագահի նստավայրին մէջ մեկնարկած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment