Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ն Պատրաստ չէ Խօսիլ – “2018-ի Ապրիլէն Ետք ով Վարչապետ Պիտի Ըլլայ”

ՀՀԿ-ն Պատրաստ չէ Խօսիլ – “2018-ի Ապրիլէն Ետք ով Վարչապետ Պիտի Ըլլայ”

by MassisPost

Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը կը հրաժարի պատասխանել այն հարցին, թէ արդեօք Հայաստանի ներկայիս վարչապետ Կարէն Կարապետեանը կը շարունակէ պաշտօնավարել 2018-ի Ապրիլէն ետք, երբ կ’աւարտի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման ժամկէտը, իսկ Կառավարութիւնը, նոր Սահմանադրութեան համաձայն, հրաժարական կը ներկայացնէ:

«Մենք պատրաստ չենք այսօր խօսել 2018 թուականի զարգացումների մասին», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ այսօր յայտարարեց ՀՀԿ խօսնակ, ԱԺ փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովը:  «Խորհրդարանական  համակարգի տարբերութիւնը կիսանախագահական ու նախագահական համակարգից նրանում է, որ այլեւս անձերը չեն գալիս առաջնային տեղեր, առաջնային են դառնում կուսակցութիւնները եւ անկախ նրանից ով կը լինի վարչապետ 2018 թուականին՝ դրանից Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատուութիւնը չի նուազելու», – աւելցուցած է իշխող կուսակցութեան խօսնակը:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցերուն՝ ի՞նչ պէտք է ընի Կարէն Կարապետեանը, որպէսզի Հանրապետականը թոյլ տայ անոր շարունակել պաշտօնավարել նաեւ 2018-ի Ապրիլէն ետք եւ ինչո՞վ պայմանաւորուած է 2018-էն ետք վարչապետի պաշտօնի հետ կապուած անորոշութիւնը այն պարագային, երբ Հանրապետականի ղեկավար Սերժ Սարգսեանը կանխատեսումներ կ’ունենայ 2040-2050 թուականներու ծրագիրներու վերաբերեալ, Էտուարտ Շարմազանովը նախ կոչ ըրած է «արհեստականօրէն» կուսակցութեան նախագահի առաջին տեղակալ Կարէն Կարապետեանին չանջատել Հանրապետական խումբէն, այնուհետեւ յայտարարեց․ – «2040-ին մենք դնում ենք տեսլական, համազգային նպատակ: Գլխաւոր ֆիկուրը լինելու է Հանրապետական կուսակցութիւնը, կարեւորը այլեւս քաղաքական թիմերն են»:

Նշենք, որ ընդդիմադիրներու պնդմամբ լուրջ հակասութիւններ կան Հանրապետականի ղեկավար Սերժ Սարգսեանի եւ անոր տեղակալ, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի միջեւ: Խնդիրը այն է, որ յառաջիկայ մէկ տարուայ ընթացքին ներիշխանական վերադասաւորումներու արդիւնքով պիտի որոշուի, թէ որու ձեռքը պիտի կեդրոնանայ իրական իշխանութիւնը:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը շեշտած է՝ «բացառւում է, որ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը շարունակի պաշտօնավարել 2018-ից յետոյ, իսկ դատելով Սերժ Սարգսեանի վերջին ելոյթից, կարելի է ասել, որ ՀՀԿ ղեկավարը չի պատրաստւում հեռանալ»:

«Դուրս է գալիս՝ Կարէն Կարապետեանին օգտագործեցին՝ ձայն հաւաքեցին, եւ ասելու են՝ դէ լաւ, չստացուեց, լաւ չես աշխատում, հիմա քեզ պէտք է ազատենք», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանած է Մարուքեանը:

Ուշագրաւ է, որ հանրապետականները նաեւ միանշանակ պատասխան չեն տար՝ արդեօք 2018-ի Ապրիլին նախագահի լիազօրութիւնները վար դնելէ ետք Սերժ Սարգսեանը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել արդէն վարչապետի պաշտօնով:

«Ժամանակը կգայ՝ կիմանաք», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ այս առնչութեամբ յայտարարած է ՀՀԿ խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը: – «Պարոն նախագահը այդ հարցին պատասխան տուել է, ես պարոն նախագահի պատասխանին աւելացնելու որեւէ բան չունեմ», – աւելցուցած է ան։

Յիշեցնենք՝ 2015 թուականի սահմանադրական հանրաքուէէն առաջ Սերժ Սարգսեանը վստահեցուցած էր, որ այլեւս երբեք պիտի չառաջադրուի նախագահի պաշտօնին, նաեւ չի յաւակնիր վարչապետի պաշտօնին։

2 Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններէն օրեր առաջ ալ իշխող Հանրապետականի ղեկավարը ըսած էր, որ եթէ իր գլխաւորած քաղաքական ուժը յաղթէ գալիք ընտրութիւններուն, ապա ինչ-որ կարգավիճակի մէջ իր դերը կ’ունենայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment