Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեկնարկած է Ժիրայր Սէֆիլեանի Գործով Դատավարութիւնը

Մեկնարկած է Ժիրայր Սէֆիլեանի Գործով Դատավարութիւնը

by MassisPost

Ընդդիմադիր Հիմնադիր խորհրդարանի առաջնորդի գործով առաջին դատական նիստը անցած է լարուած մթնոլորտի մէջ: Մօտ 15 վայրկեան տեւած նիստը հետաձգուած է գործով մեղադրեալներէն մէկու փաստաբանի բացակայութեան պատճառով:

Շէնգաւիթի վարչական շրջանի դատարանի ապակեպատ դահլիճին մէջ առանց բարձրախօսի հնարաւոր չէր լսել դատաւորին ու միւսներուն, ինչը յարուցած է ապակիի միւս կողմը գտնուողներու դժգոհութիւնը:

Միայն դատական նիստի աւարտին բարձրախօսի ձայնը կարգաւորուած էր, երբ դատաւորը արդէն յաջորդ դատական նիստի օրուայ մասին պայմանաւորուած էր փաստաբաններու ու դատախազներու հետ։

Ընդդիմադիր գործիչ Ժիրայր Սէֆիլեանն ու փաստաբանները կը շարունակեն յայտարարել, որ ան որեւէ յանցանք չէ գործած, եւ ճաղերու ետին յայտնուած է բացառապէս իր քաղաքական հայեացքներու համար։ Դատական նիստէն ետք Սէֆիլեանի փաստաբան Տիգրան Հայրապետեանը յիշեցուցած է Սէֆիլեանի քննադատութիւնը ապրիլեան պատերազմի ժամանակ 800 հեքթար հողատարածքը կորսնցնելու մասին․ – «Դրանից յետոյ յարձակումներ եղաւ Ժիրայր Սէֆիլեանի վրայ ամենատարբեր աստիճաններով»:

Ազատամարտիկ, Շուշիի առանձնակի գումարտակի հրամանատար Ժիրայր Սէֆիլեանը կը մեղադրուի շարք մը ծանր յօդուածներով․ ըստ մեղադրանքի, ան խումբ մը անձերու հետ նախնական պայմանաւորուածութիւն ունեցած է 24 ապրիլ 2015-ին զանգուածային անկարգութիւններ հրահրել մայրաքաղաքի մէջ՝ բռնութիւն գործադրելու, գոյք ոչնչացնելու, ինչպէս նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչին զինուած դիմադրութիւն ցոյց տալու միջոցաւ եւ այդ գործի կազմակերպման համար նախապատրաստական գործողութիւններ կատարած է։

Բացի այս, ըստ մեղադրանքի, Սէֆիլեանը 2015 թուականի նոյեմբերէն մինչեւ 2016 թուականի 18 մայիսը ինկած ժամանակահատուածին կազմակերպուած խումբի կազմին մէջ ապօրինի կերպով ձեռք բերած է, պահած եւ փոխադրած է հրազէն եւ ռազմամթերք, նպատակ ունենալով զէնքի գործադրմամբ, կեանքի համար վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելով զաւթել եւ պահել ռազմավարական նշանակութեան շէնքեր եւ շինութիւններ։ Բայց, ինչպէս կը նշուի մեղադրականին մէջ, ան չէ հասցուցած աւարտել այս գործողութիւնները։

Տիգրան Հայրապետեան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ զանգուածային անկարգութիւններու մեղադրանքի վրայ՝ շեշտելով, որ Սէֆիլեանին կը պատժեն հանրահաւաքներու կազմակերպման համար․ – «Առաջին մեղադրանքը զուտ քաղաքական մեղադրանք է, որ ան հանրահաւաքներ է կազմակերպել, ցոյցեր է կազմակերպել, որ նա փորձել է ընդդիմադիր քաղաքական գործունէութիւն իրականացնել եւ անօրինական հաւաքներ կազմակերպել ապրիլի 24-ին»:

Ինչ կը վերաբերի միւս յօդուածին՝ ապօրինի զէնքի հետ կապուած, Հայրապետեանը յիշեցուցած է յայտնի ինքնաշարժի վթարը, ուր զէնք յայտնաբերուած էր:

Հայրապետեանը ըսած է, որ նախաքննական մարմինը չէ կրցած ապացուցել, որ Սէֆիլեանը իսկապէս կատարած է այդ գործողութիւնները․ – «Իբրեւ թէ Ժիրայր Սէֆիլեանը բազմաթիւ ենթախմբեր է ունեցել, բազմաթիւ խմբեր է ունեցել: Եթէ էդպէս էր, պէտք է էդ խմբերը բացայայտուէին: Ասում են՝ 200-300 զինուած խմբեր է ունեցել Ժիրայր Սէֆիլեանը․․․ Էդ դէպքում պէտք է Հայաստանը բեռնաթափել 200-300 զինուած խմբերից, որովհետեւ ընդամէնը, համաձայն մեղադրանքի, 5-6-ն են բացայայտուել»:

Փաստաբանի համար եւս զարմանալի է, որ նախաքննական մարմինը սկիզբը յայտարարած էր, որ Սէֆիլեանը Երեւանի հեռուստաաշտարակը ծրագրած է զաւթել 1 դեկտեմբեր 2015-ին, բայց հիմա արդէն կը նշուի, որ զաւթումը պէտք է իրականացուէր 2016-ի մայիսին: Անոր խօսքով՝ Սէֆիլեանի «գլխին սարքել են»:

Ըստ փաստաբանի, Սէֆիլեանի դէմ ցուցմունք տուած է գործով մեղադրեալ Յովհաննէս Պետրոսեանը։ Ան, ըստ մեղադրանքի, հրազէններն ու ռազմամթերքը Ժիրայր Սէֆիլեանին վերադարձնելու ժամանակ վթարի ենթարկուած է, բացայայտուած ու բերման ենթարկուած է ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին։ Սէֆիլեանի դէմ ցուցմունք տուած Պետրոսեանը հրաժարած է մասնակցիլ հեռուստաաշտարակի եւ այլ շինութիւններու գրաւման։

Ընկերոջ դատական նիստին ներկայ եղած է նաեւ Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ, Ալեք Ենիգոմշեանը: «Ազատութեան» հետ զրոյցին ան ըսած է,  որ դատարանէն ակնկալիք չունի, բայց ներկայ գտնուողներու ոգին անոր յոյսեր կը ներշնչէ․ – «Պէտք է գրանցեն բոլորը, եւ առաջին հերթին հենց այս համակարգը, որ ժողովրդի մօտ տրամադրութիւնները երբեք անկումային չեն, այլ վճռականութիւնը, բարձր ոգին շարունակւում է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment