Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է Պետդեպարտամենտ՝ շաբթուայ սկիզբը Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի առնչութեամբ:
Ըստ Associated Press-ի, դեսպանին հետ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու երկրորդ ամենաբարձրաստիճան դիւանագէտը՝ իր մտահոգութիւնը փոխանցելով Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներու կողմէ իրականացուած բռնութիւններու վերաբերեալ:
Տանըլտ Թրամբի վարչակազմը միաժամանակ ընդունած է, որ միջադէպէն ետք ձերբակալուած երկու թուրք թիկնապահները կարճ ժամանակ անց ազատ արձակուած են:
Ի դէպ՝ նոր հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս նախագահ էրտողան ծառայողական մեքենայէն հետեւած է արիւնալի իրադարձութիւններուն, ապա շրջանցելով տարածքը՝ հեռացած: