Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փէրմիաքովը Պատիժը Ռուսաստանի Մէջ Պիտի Կրէ

Փէրմիաքովը Պատիժը Ռուսաստանի Մէջ Պիտի Կրէ

by MassisPost

ՀՀ արդարադատութեան նախարարութիւնը, հաշուի առնելով Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու սպանութեան դէպքի հասարակական հնչեղութիւնն ու հանրային հետաքրքրուածութիւնը, կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ արդարադատութեան նախարարութիւնը ստացած է Ռուսաստանի Դաշնութեան դատարանի որոշումը Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի կողմէ 2016 թուականի 23 օգոստոսին կայացուած դատավճիռը ճանչնալու եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին մէջ կատարելու մասին:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

ԱՆ հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է. «ՌԴ դատարանի որոշումը երաշխաւորում է ՀՀ դատարանի կողմից ցմահ ազատազրկման դատապարտուած ՌԴ քաղաքացի Վալէրի Փէրմիաքովի դատավճռի կատարումը անվերապահօրէն ու լիովին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ գործող միջազգային պայմանագրերով սահմանուած կարգով:

Յայտնի է, որ Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի կողմէ 2016 թուականի 23 օգոստոսին կայացած է դատավճիռ Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացի Վ.Փէրմիաքովի նկատմամբ, որ մեղաւոր  ճանչցուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին, 5-րդ, 8-րդ կէտերով, ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 175-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ, 4-րդ կէտերով եւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 34-329-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցագործութիւններու կատարման համար եւ դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման:

Աւելի վաղ, Ռուսաստանի Դաշնութեան ներպետական օրէնսդրութեամբ՝ զէնքով ռուսական ռազմապազայի տեղակայման տարածքէն դասալքութիւն կատարելու, հրաձգային զէնք, զինամթերք յափշտակելու եւ ապօրինի կրելու համար Վ. Փէրմիակովը 12.08.2015թ. Գիւմրիի 102-րդ ռազմապազայի տարածքին գտնուող ռուսաստանեան կայազօրային դատարանի կողմէ դատապարտուած է 10 տարի ազատազրկման:

Այս առումով պէտք է նշել, որ «ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ ՀՀ տարածքում ռուսական ռազմապազայի գտնուելու հետ կապուած իրաւասութեան եւ իրաւական փոխօգնութեան հարցերով» 29.08.1997թ. համաձայնագրով յստակ սահմանուած է զինծառայողի կողմէ յանցագործութիւն կատարելու պարագային պատասխանատուութեան ենթարկող պետութիւնը եւ քրէական հետապնդման կարգը: Այդ համաձայնագրի 4-րդ յօդուածի համաձայն ռուսական ռազմապազայի կազմի մէջ մտնող անձանց կողմէ ՀՀ տարածքին կատարուած յանցագործութիւններու պարագային անոնց նկատմամբ կը կիրառուի ՀՀ օրէնսդրութիւնը եւ կը գործեն ՀՀ իրաւասու մարմինները, իսկ նոյն համաձայնագրի 5-րդ յօդուածով ալ սահմանուած է, որ ռուսական ռազմապազայի կազմին մէջ մտնող անձանց կողմէ կատարուած զինուորական յանցագործութիւններու գործերով կը կիրառուի Ռուսաստանի Դաշնութեան օրէնսդրութիւնը, կը գործեն անոր իրաւասու մարմինները:

Այսպիսով, առկայ էր իրաւասութիւններու երկակիութիւն, որով եւ պայմանաւորուած էին տուեալ անձի կալանքի եւ պատիժը կրելու ապահովման առանձնայատկութիւնները:

Հաշուի առնելով առկայ իրողութիւնները եւ նպատակ հետապնդելով ապահովել ՀՀ դատարանի կայացուցած դատավճիռի կատարումը՝ ՀՀ եւ ՌԴ իրաւասու մարմիններու միջեւ կայացած են քննարկումներ՝ «Պատժի յետագայ կրման համար ազատազրկման դատապարտուածներուն փոխանցելու մասին» 1998թ. Մոսկուայի պայմանադրութեան ծիրէն ներս խնդիրը լուծելու համար:

Վ. Փէրմիաքովի պատիժի կատարումը ապահովելու նպատակով նշուած պայմանագրի ծիրէն ներս նախատեսուած յետագայ իրաւական գործընթացներու վերաբերեալ ՀՀ արդարադատութեան նախարարութիւնը հանրութեան կը տեղեկացնէ յաւելեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment