Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սփիւռքահայ Ներդրողներու Արտադրանքներու Ցուցահանդէս-Վաճառք Երեւանի մէջ

Սփիւռքահայ Ներդրողներու Արտադրանքներու Ցուցահանդէս-Վաճառք Երեւանի մէջ

by MassisPost

Մայիս 5-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին աջակցութեամբ «Երեւան Էքսպօ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը:

Ցուցահանդէս-վաճառքի բացման ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:

Նախարարը շրջեցաւ տաղաւարներով, ծանօթացաւ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու գործունէութեան, հետաքրքրուեցաւ արտադրական գործընթացքի նորարութիւններով եւ խնդիրներով, դիտեց «Աշխարհի կեդրոնէն տիեզերքներէն մէկուն մասնիկը»  հայկական առաջին 360 աստիճան ֆիլմը, պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. « «Պատրաստուած է Հայաստանում» ապրանքանիշը կրող արտադրանքները միջազգային շուկայում գնալով դառնում են աւելի ընդունուած, պահանջուած եւ տարածուած: Նման ցուցահանդէսներով մենք պէտք է խրախուսենք  սփիւռքահայ ներդրողներին եւ աշխատենք օրինակ վերցնել հայրենադարձուած մեր հայրենակիցներից, ովքեր աշխատանքի եւ արտադրանքի որակի  հանդէպ  պատասխանատուութեան իւրայատուկ մօտեցում ունեն: Այս առումով նրանց արտադրանքները մրցունակ են եւ նորարարական: Հայրենիքում սփիւռքահայ արտադրողների համար պայմաններ են ստեղծւում, նրանց գործունէութիւնը դիւրացնելու նպատակով  որոշակի քայլեր են իրականացւում: Վերջին ժամանակաշրջանում, մասնաւորապէս տնտեսական ոլորտում կառավարութիւնը հարկային արտօնութիւններ է սահմանւում սփիւռքահայ ներդրողների եւ արտադրողների համար: Մեր ուշադրութեան կենտրոնում շարունակում են մնալ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները, որոնցով յատկապէս զբաղւում են Հայաստանում հաստատուած սուրիահայերը»: Նախարարը նշեց, որ ցուցահանդէս-վաճառքին ներկայ սփիւռքահայ ներդրողները եւ արտադրողները Հայրենիք վերադարձած են տարբեր երկիրներէ` ԱՄՆ, Ռուսաստան, Սուրիա, Լիբանան եւ այլն:

Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին սուրիահայ գործարար Ալեքսան Գարատանայեան, որ Հայաստանի մէջ հիմնած է «Alexan Art» եւ «Sona Print» ընկերութիւնները, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար: «2012-ի Հոկտեմբեր 24-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ փոքր եւ միջին գործարարութեան սուրիահայ ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան հայաստանեան  գործուածքներու  ոլորտի արտադրողներուն հետ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց մեզի եւ ամուր գործակցութեան հիմք դրաւ: Մեծ է նախարարութեան դերակատարութիւնը մեր գործարարութեան կայացման գործին մէջ, քանի որ առաջին համագործակցութեան առաջարկները ստացած ենք հէնց Սփիւռքի նախարարութեան մէջ»,-ըսաւ Ալեքսան Գարատանայեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment